ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան Մարք Էյ­րօ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Լի­բա­նան։ Պէյ­րու­թի իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն ֆրան­սա­ցի նա­խա­րա­րը տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հետ։ Հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք այս կա­պակ­ցու­թեամբ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը։

Ե­րէկ, եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ Լի­բա­նան գտնուող Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան Մարք Էյ­րո­յի հետ հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պքէր­քէ­յի Մա­րո­նիթ­նե­րու Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ՝ ներ­կա­յու­թեամբ Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ հո­գե­ւոր պե­տե­րուն։ Սոյն հան­դիպ­ման ներ­կայ էին նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Լի­բա­նա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հէ Եպսկ. Փա­նո­սեան։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը խօսք առ­նե­լով շեշ­տեց Ֆրան­սա­յի ա­մուր կա­պուա­ծու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նի նկատ­մամբ։ Ան յայտ­նեց, որ Ֆրան­սան կա­րե­լին կ՚ը­նէ նա­խա­գա­հա­կան շու­տա­փոյթ ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար, նաեւ օգ­տա­գոր­ծե­լով շրջա­նի կարգ մը եր­կիր­նե­րուն հետ իր ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Նա­խա­րա­րը նաեւ իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ Լի­բա­նա­նէն ներս ա­պա­հո­վա­կան հարց գո­յու­թիւն չու­նի եւ այս եր­կի­րը կրցած է հե­ռու մնալ շրջա­նը յու­զող տագ­նապ­նե­րէն։ Ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու ա­ւե­լի ազ­դու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին։

Նա­խա­րա­րին կ՚ըն­կե­րա­նա­յին Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Լի­բա­նա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նը։ Շուրջ ժամ մը տե­ւող հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ա­ռա­ջին հեր­թին բա­րի գա­լուս­տի խօսք ար­տա­սա­նեց Մա­րո­նիթ­նե­րու Ռաի Պատ­րիար­քը՝ շեշ­տե­լով Ֆրան­սա­յի եւ Լի­բա­նա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող իւ­րա­յա­տուկ կա­պե­րը, ինչ­պէս նաեւ Լի­բա­նա­նէն ներս նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Ա­պա, ըն­դա­ռա­ջե­լով Պատ­րիար­քին ա­ռա­ջար­կին, խօսք ա­ռաւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս։ Ան իր խօս­քի նե­րա­ծա­կան բաժ­նին մէջ անդ­րա­դառ­նա­լով Լի­բա­նա­նի միու­թեան, ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ու ան­կա­խու­թեան նկատ­մամբ Ֆրան­սա­յի ցու­ցա­բե­րած ա­մուր կա­պուա­ծու­թեան, յի­շեց Ֆրան­սա­յի եւ Լի­բա­նա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող պատ­մա­կան կա­պե­րը եւ ը­սաւ, թէ Լի­բա­նան ո՛չ միայն ֆրան­քո­ֆոն եր­կիր­նե­րու մաս կը կազ­մէ, այլ նաեւ մարդ­կա­յին, մշա­կու­թա­յին ու քա­ղա­քա­կան հա­սա­րա­կաց ար­ժէք­ներ կը բաժ­նէ Ֆրան­սա­յի հետ։ Հե­տե­ւա­բար, Ֆրան­սան Լի­բա­նա­նի մեծ բա­րե­կա­մը ըլ­լա­լով սպա­սե­լի է, որ իր գործ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ Լի­բա­նա­նին նկատ­մամբ։

Այս ընդ­հա­նուր նե­րա­ծա­կա­նէն ետք, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գլխա­ւոր ե­րեք կէ­տե­րու մէջ ամ­փո­փեց իր մտա­ծում­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը.

1) Մի­ջին Ա­րե­ւել­քին նկատ­մամբ Ֆրան­սա­յի դե­րը սպա­սե­լի է, որ ըլ­լայ ա­ւե­լի ազ­դու եւ ան­մի­ջա­կան։ Այս­պէս ըլ­լա­լու պատ­ճառ­ներ կան։ Ար­դա­րեւ, Ֆրան­սա­յի պատ­մա­կան կա­պը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հետ, իր ու­նե­ցած դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը շրջա­նի եր­կիր­նե­րուն հետ, ա­նոնց ու­նե­ցած յա­տուկ յար­գան­քը եւ վստա­հու­թիւ­նը Ֆրան­սա­յի նկատ­մամբ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի տագ­նապ­նե­րու գծով Ֆրան­սա­յի ցու­ցա­բե­րած հա­ւա­սա­րակշ­ռուած մօ­տե­ցում­նե­րը վստա­հու­թիւն ու կա­րե­լիու­թիւն կը ստեղ­ծեն Ֆրան­սա­յի հա­մար ա­ւե­լի լայն ու ազ­դու դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նա­լու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս։

2) Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը պատ­մա­կա­նօ­րէն ե­ղած է քրիս­տո­նէու­թեան կեդ­րո­նը։ Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին նուա­զած է թի­ւը քրիս­տո­նէու­թեան, սա­կայն շրջա­նէն ներս կը գտնուին քրիս­տո­նէա­կան կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րը, պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ կա­րե­ւոր թի­ւով քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­ներ։ Սա­կայն այ­սօր, շրջա­նէն ներս քրիս­տո­նէու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Ար­դա­րեւ, տնտե­սա­կան տագ­նա­պը, ա­նա­պա­հով կա­ցու­թիւ­նը, ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը եւ ար­տա­գաղ­թը սկսած են լուրջ հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ։ Այս կա­ցու­թիւ­նը միայն քրիս­տո­նէու­թեան մտա­հո­գու­թիւ­նը չէ, ան նաեւ պէտք է դառ­նայ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի եւ Եւ­րո­պա­յի մտա­հո­գու­թիւ­նը։ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ա­ռանց քրիս­տո­նէու­թեան ներ­կա­յու­թեան շատ բան պի­տի կորսնց­նէ իր ո­րա­կէն, մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րէն եւ տնտե­սա­կան հզօ­րու­թե­նէն. եւ ա­ւե­լի՛ն, դա­րե­րու ըն­թաց­քին ար­մա­տա­ցած քրիս­տո­նեայ-իս­լամ գո­յակ­ցու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը շրջա­նը պի­տի վե­րա­ծէ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան կեդ­րո­նի. մտա­հո­գիչ ե­րե­ւոյթ մը, ո­րուն գործ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ար­դէն իսկ կ՚ապ­րինք, ո՛չ միայն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս, այլ նաեւ՝ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, մեր սպա­սումն է, որ Ֆրան­սան իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծի­րէն ներս յա­ճա­խա­կի յի­շե­ցում­ներ կա­տա­րէ ա­րա­բա­կան եւ ա­րեւմ­տեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն յի­շեալ վտան­գի հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին։

3) Ա­պա, իր եր­րորդ կէ­տին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը խօս­քը կեդ­րո­նաց­նե­լով Լի­բա­նա­նին վրայ՝ ը­սաւ. «Եր­կու գլխա­ւոր հար­ցեր կը դի­մագ­րա­ւէ Լի­բա­նա­նը այ­սօր. նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն եւ ա­պա­հո­վու­թիւն։ Ո­րոշ շրջա­նակ­ներ ա­պա­հո­վու­թիւ­նը կը նկա­տեն ա­ռաջ­նա­հերթ եւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը՝ երկ­րոր­դա­կան։ Նման մօ­տե­ցում սխալ է ու վտան­գա­ւոր։ Կա­րե­լի չէ մէ­կը միւ­սէն ան­ջա­տել։ Կա­րե­լի չէ նաեւ մէ­կը միւ­սով պայ­մա­նա­ւո­րել։ Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ե­րե­ւա­կա­յել եր­կիր մը ա­ռանց նա­խա­գա­հի։ Հե­տե­ւա­բար, ես ճիշդ չեմ նկա­տեր նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան ձգձգու­մը տե­սակ-տե­սակ ար­գելք­նե­րու ստեղ­ծու­մով։ Ար­դա­րեւ, նա­խա­գա­հի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը երկ­րէն ներս կրնայ պե­տու­թեան օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը վտան­գել, քրիս­տո­նեայ-իս­լամ գո­յակ­ցու­թիւ­նը հար­ցա­կա­նի տակ դնել, քրիս­տո­նէա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը տկա­րաց­նել եւ նոյ­նիսկ Լի­բա­նա­նի գո­յու­թիւ­նը խնդրոյ ա­ռար­կայ դարձ­նել»։ Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը Նո­րին Սրբու­թիւ­նը յայտ­նեց. «Գաղտ­նիք չէ այ­լեւս, որ նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան ա­ռըն­չուած թէ՛ ներ­քին եւ թէ՛ ար­տա­քին ճա­կա­տի վրայ տար­բեր մօ­տե­ցում­ներ գո­յու­թիւն ու­նին եւ տար­բեր տե­ղա­կան եւ շրջա­նա­յին շա­հեր կը հե­տապն­դուին։ Դժբախ­տա­բար, ար­տա­քին ու­ժե­րը ա­ւե­լի ան­մի­ջա­կան ու ազ­դու դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան գծով քան թէ՝ ներ­քին։ Մեր սպա­սումն է, որ Լի­բա­նա­նին հետ կապ ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րը օգ­տա­կար ըլ­լան մեր հար­ցե­րը լու­ծե­լու»։ Այս կէ­տին անդ­րա­դառ­նա­լով, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս իր խօս­քը ուղ­ղա­կիօ­րէն նա­խա­րա­րին ուղ­ղե­լով՝ ը­սաւ. «Ճիշդ է, հա­մա­ձայն ենք, որ լի­բա­նան­ցի­նե­րու մի­ջեւ անհ­րա­ժեշտ է ներ­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը որ­պէս նա­խա­պայ­ման նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան՝ ինչ­պէս դուք կ՚ա­ռա­ջար­կէք, սա­կայն անհ­րա­ժեշտ է նաեւ, որ մե­զի բա­րե­կամ նկա­տուող եր­կիր­նե­րը օգ­նեն մեր քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ներ­քին հա­մա­ձայ­նու­թեան ըն­թաց­քը դիւ­րաց­նե­լու։ Նա­խա­գա­հի ըն­րու­թիւ­նը միայն քրիս­տո­նեա­նե­րուն հար­ցը չէ, միայն Լի­բա­նա­նին հար­ցը չէ, այլ նաեւ՝ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին ու ամ­բողջ շրջա­նին։ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հը միայն Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեա­նե­րը չի ներ­կա­յաց­ներ, այլ ան խորհր­դա­նիշ է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս քրիս­տո­նէա­կան ներ­կա­յու­թեան։ Լի­բա­նա­նը կրօ­նա­կան ու մշա­կու­թա­յին զա­նա­զա­նու­թեան եր­կիր է։ Հո՛ս է Լի­բա­նա­նին ինք­նու­թիւնն ու հարս­տու­թիւ­նը։ Պէտք է պա­հել զայն։ Ա­հա հոս կը կա­յա­նայ Ֆրան­սա­յի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Սպա­սե­լի է, որ Ֆրան­սան Լի­բա­նա­նի հար­ցե­րով շա­հագրգ­ռուող շրջա­նի եր­կիր­նե­րուն հետ ա­ւե­լի ազ­դու կեր­պով շա­րու­նա­կէ իր յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, շու­տա­փոյթ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան ի խնդիր»։

Ճա­շի ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­ռիթն ու­նե­ցաւ ա­ւե­լի մտեր­միկ կեր­պով վե­րո­յի­շեալ հար­ցե­րուն շուրջ զրու­ցե­լու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հետ։ Ան նաեւ իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց Ֆրան­սա­յին, հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ ցու­ցա­բե­րած զօ­րակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ իր ու­նե­ցած բա­րե­կա­մու­թեան հա­մար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016