Փ. ՓՈՐՈՇԵՆՔՕ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ պաշ­տօ­նա­կան այց մը տուաւ Պա­քու, Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Պա­քուի օ­դա­կա­յա­նին մէջ ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Եա­գուպ Է­յիւ­պո­վի կող­մէ։ Այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Փո­րո­շեն­քօ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Կը քննար­կուին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թացքն ու տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­ներ։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016