ՔԵՐԻԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԸ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա։ Օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին ան կը հաս­նի Ռու­սաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի կող­մէ։ Ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը կը տե­սակ­ցի նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Քա­նի մը օր ա­ռաջ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ ռուս-ա­մե­րի­կեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Հարկ է նշել, որ 2015 թուա­կա­նի Մա­յի­սէն ի վեր Ճոն Քե­րի չոր­րորդ ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016