«Ս-400»ՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱՐՔ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ քննարկումները կը շարունակուին՝ «Ս-400» հրթիռներու գործարքին շուրջ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ծիրէն ներս թեքնիկ աշխատանքները արդէն հասած են իրենց աւարտին։ Այս գործարքը ի կատար ածելու համար այժմ անհրաժեշտ է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն ստորագրութիւնը։

Ամերիկեան «Պլումպերկ» գործակալութիւնը երէկ արձագանգ հանդիսացաւ այս իրադարձութիւններուն, որոնք վերահաստատուեցան նաեւ թրքական աղբիւրներու կողմէ։ Այսպէս, ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիա կը պատրաստուի Ռուսաստանէն ներածել երկու հատ «Ս-400» հրթիռային համակարգ։ Եւս երկու հատն ալ պիտի արտադրուին Թուրքիոյ մէջ։ Այս գործարքին փոխարէն թրքական կողմը երկուքուկէս միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի վճարէ ռուսական կողմին։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, անակնկալ մը պիտի չըլլայ, եթէ յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախարարները ստորագրեն համապատասխան փաստաթուղթը։ Թուրք իրաւասուները որեւէ տեղեկութիւն չեն հաղորդեր, թէ Թուրքիոյ մէջ ո՛ւր պիտի տեղեկայուին այս հրթիռային համակարգերը։ Անոնք նշած են, որ այս ուղղութեամբ որեւէ սահմանափակում խնդրոյ առարկայ չէ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ այն քննադատութիւններուն, թէ «Ս-400» հրթիռները ներդաշնակ չեն գործեր ՆԱԹՕ-ի համակարգերուն հետ։ Ի պատասխան այդ քննադատութիւններուն՝ իրաւասուները նշած են, որ Յունաստանն ալ ունի «Ս-300» հրթիռներ, որոնք Թուրքիոյ արտածածներուն պարզապէս աւելի հնատիպերն են։ Յունաստան Յունական Կիպրոսէն ապահոված է այդ «Ս-300» հրթիռները եւ կը պնդէ, որ անոնք պահեստի մէջ դրած է։

Ռուսաստանի ռազմական արտադրանքի արտածման ընկերութեան՝ «Ռոսոպորոէքսփորթ»ի իրաւասուներն ալ յայտնեցին, որ այս նիւթին շուրջ որեւէ մեկնաբանութիւն պիտի չկատարեն։

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2017