ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

2017-ին Հայաստան առաջին անգամ մասնակցած է Technovation Challenge միջազգային մրցոյթին: Կարբիի դպրոցի One Step Ahead աւագ խումբը «Կրթութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթած է Armenian Sign Language յաւելուածով: Խումբը Օգոստոսին պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Սիլիքոնեան հովիտին մէջ Համաշխարհային գագաթաժողովին եւ պիտի ստանայ իր մրցանակը:

Technovation Armenia ծրագիրի կիսաեզարփակիչ անցած 22 խումբէն դատակազմը իբրեւ հայաստանեան մրցոյթի յաղթող ընտրեց վեց խումբ՝ երեք աւագ եւ երեք կրտսեր խումբերէ: Վեց խումբերէն միջազգային կիսաեզրափակիչ մրցոյթին մասնակցած են մէկ աւագ եւ երկու կրտսեր խումբեր: Կարբիի դպրոցի One Step Ahead աւագ խումբը, միջազգային կիսաեզրափակիչի ընթացքին մրցելով աշխարհի 27 երկրէ ներկայացուած 99 խումբի հետ, «Կրթութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթած է Armenian Sign Language յաւելուածով:

Այս տարի Հայաստանի դպրոցներու 10-18 տարեկանի միջեւ աշակերտուհիները հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցելու աշխարհի մեծագոյն արհեստագիտութեան ձեռներէցութեան Technovation ծրագրին:

Ծրագիրը կը նախատեսէր 12 շաբաթեայ ուսուցում: Այս ընթացքին երիտասարդուհիները սորվեցան բացայայտել, վեր հանել որեւէ ընկերային խնդիր իրենց համայնքին մէջ, եւ պատրաստել բջիջային յաւելուած՝ լուծելու այդ խնդիրը:

Շուրջ 11 հազար աշակերտուհի, աւելի քան 100 երկրէ մասնակցած են Technovation 2017 ծրագրին: Հայաստանէն մասնակցած է 214 աշակերտուհի, ձեւաւորուած է 36 խումբ, հայաստանեան մրցոյթի կիսաեզրափակիչ հասած են 22 խումբ:

Technovation Armenia ծրագրի տարածքաշրջանային դեսպանն էր «Կանայք եւ տեղեկատուական հասարակութիւնը» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Նարինէ Աբազեան:

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2017