ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԷՍԱՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Չ՚ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵՐ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը ոչ թէ կ՚իրականացնէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի պաշտպանութիւնը, այլ կը կանխէ Իրաքի ճակատագրի կրկնութիւնը Սուրիոյ պարագային։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սէրկէյ Լաւրով Պերլինի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ «Քուրտ Քէօրպեր» հիմնարկէն ներս։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամին։ Իր խօսքերով, Ռուսաստան կը զբաղի ոչ թէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի պաշտպանութեամբ, այլ արաբական այդ երկիրը զերծ կը պահէ այն ինչէն, որ պատահեցաւ Իրաքի մէջ։ Սէրկէյ Լաւրով ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի Էսատին, ապա մենք զինքը չենք պաշտպաներ, մենք պարզապէս միանշանակ ձեւով չենք փափաքիր այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Իրաքի մէջ, երբ Արեւմուտքէ ներս գրեթէ բոլորին մօտ փափաք կար ոչնչացնել այդ մենատէրը (Սատտամ Հիւսէյին)»։ Լաւրով ընդգծեց, որ Սատտամ Հիւսէյինի դէմ արշաւի ընթացքին Գերմանիա եւ Ֆրանսա եղած էին կողմ։ «Ես կը վախնամ, որ այդ պետութիւնը կրնայ վերանալ։ Այնտեղ այժմ ոչ-սովորական գործընթացներ կը շարունակուին։ Լիպիոյ մէջ պարզապէս պետութիւնը քայքայուած էր, որովհետեւ կը փափաքէին ոչնչացնել Մուամմէր Քատտաֆին», աւելցուց Սէրկէյ Լաւրով։

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2017