ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԱՅՍՕՐ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 14 ՅՈՒԼԻՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Փարիզի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի կողմէ։ Թրամփ այսօր Փարիզի մէջ կը մասնակցի 14 Յուլիսի՝ Ֆրանսայի Ազգային տօնի արարողութիւններուն։ Երէկ, Էլիզէի պալատին մէջ Էմմանուէլ Մաքրոն եւ Տանըլտ Թրամփ ունեցան կարեւոր հանդիպում մը։ Ամերիկացի ղեկավարը այս առթիւ յայտնեց, որ քննարկած են անվտանգութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Թէ՛ եւրոպական եւ թէ ամերիկեան յառաջատար բոլոր լրատուամիջոցները առաջնահերթօրէն արձագանգ հանդիսացան երկու նախագահներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին։ Այս առթիւ Թրամփ շեշտեց, որ Ֆրանսա հիանալի հնարաւորութիւններու կը տիրապետէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ։

Միւս կողմէ, Թրամփ եւ Մաքրոն երէկ միասնաբար այցելեցին Նափոլէոնի յուշադամբանը։ Ֆրանսացի ղեկավարը երեկոյեան ալ Էյֆէլի աշտարակին վրայ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Թրամփ ամոլին։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Տանլըտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուաշինկթն եւ Փարիզ կը պատրաստուին միասնաբար աշխատիլ յետպատերազմեան Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ տարուած յաղթանակները ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Ամերիկացի ղեկավարը զինեալները անուանեց մարդկութեան թշնամիներ։ Ըստ իրեն, անոնք պիտի զրկուին ելմտական միջոցներէ, իրենց ցանցերէն եւ գաղափարական աջակցութենէն։

Թամփի եւ Մաքրոնի օրակարգին վրայ էին նաեւ կլիմայի փոփոխութեան խնդիրները։ Ուաշինկթըն ներկայիս կը մտածէ այս նիւթին շուրջ ստորագրուած Փարիզի համաձայնութենէն դուրս գալու մասին։ Թրամփ սոյն հարցումներուն յստակ պատասխան մը չտուաւ Փարիզի մէջ։   

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2017