ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ան երէկ մեկնեցաւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պոլշոյ թատրոնի երդիքին տակ Արմէն Սարգսեան այսօր երեկոյեան ներկայ կը գտնուի Ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութեան աւարտին ձօնուած կալա-համերգին, որու ընթացքին հանդէս կու գան օփերայի համաշխարհային աստղեր։

Վաղը Արմէն Սարգսեան պիտի հետեւի նաեւ Ֆրանսա-Խրվաթիա եզրափակիչ խաղին, որ տեղի պիտի ունենայ «Լուժնիքի» մարզադաշտին վրայ։

Արմէն Սարգեսան միջոց մը առաջ ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ փափաք յայտնած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեսակցելու համար։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018