15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԶԻՆԵԱԼ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ՓՈՐՁԷՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ԱՆՑ

Համայն Թուրքիոյ ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է 15 յուլիսի տարելիցին վրայ։ Թէեւ զինեալ յեղաշրջման փորձին վրայէն անցած է երկու տարի, սակայն այդ սարսափելի դէպքերուն յիշողութիւնը թարմ է բոլորի մտքին մէջ։ 15 յուլիս 2016 թուականին Թուրքիոյ յաղթահարած փորձառութիւնը անկիւնադարձ մը կը համարուի երկրի ժողովրդավարութեան պատմութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, ժողովրդավարութեան տէր կանգնելու կամքը, պետական հարուածներու դէմ դիմադրելու վճռակամութիւնը կը բիւրեղացնեն 15 յուլիսի նշանակութիւնը։ Աշխարհի սակաւաթիւ երկիրներուն մէջ ցայսօր նման դիմադրութիւն մը ցուցաբերուած է եւ Թուրքիա կանխարգիլած է լուրջ հարուած մը, որ պիտի տրուէր իր ժողովրդավար համակարգին դէմ։

Երկու տարի առաջ յաղթահարուած այդ փորձութիւնը թէեւ ամուր յենարանի մը վերածուեցաւ երկրի ժողովրդավարացման ճանապարհին, սակայն անխուսափելիօրէն արտահերթ կացութեան մը դուռը բացաւ երկրին առջեւ։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը նոր բովանդակութիւն ստացաւ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Եթէ մինչեւ այսօր ահաբեկչական լծակները ուղղակիօրէն եւ բացայայտօրէն կը թիրախաւորէին պետութիւնը, ապա 15 յուլիսի դրութեամբ բոլորովին նոր համայնապատկեր մը պարզուեցաւ երկրի աչքին առջեւ։ Այս անգամ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը արդէն հիւսած էր իր դաւը պետութեան մէջ հաստատուելով, ու նոյնիսկ պետութիւնը ներքուստ ձեռք անցընելով։ Թուրքիա ձեւով մը անդունդի եզրէն փրկուեցաւ եւ այդ փրկութիւնը փոխեց նաեւ երկրին ճակատագիրը։

15 յուլիսին թէեւ ամբողջ երկիրը միասնական ու միահամուռ դիմադրութիւն մը ցոյց տուաւ, սակայն այդ կամքը դրսեւորուեցաւ շնորհիւ նպատակասլաց ղեկավարութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այդ գիշեր հանդէս եկաւ որպէս ճշմարիտ ու լիարժէք ղեկավար եւ իր կոչին անսալով ամբողջ ժողովուրդը շարժման անցաւ՝ անխաթար պահելու համար Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը եւ երաշխաւորելու համար անոր շարունակականութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի ստանձնած դերակատարութիւնը էապէս բարեփոխեց անոր կերպարը։ Եթէ ան մինչ այդ ժողովուրդի համակրանքին առարկայ դարձած, ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան քուէին արժանացած ղեկավար մըն էր, ապա 15 յուլիս 2016 թուականի դէպքերէն վերջ Էրտողանի խորհրդանշած կերպարը բոլորովին այլ հարթութեան վրայ դրուեցաւ։ Ան իր ունեցած զօրակցութիւնը այնպիսի ճարտարութիւնով մը օգտագործեց, որ ձեւով մը ապահովագրեց Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան անշրջադարձելիութիւնը եւ այդ հիման վրայ ալ նոր հորիզոններ ուրուագծուեցան երկրին առջեւ։

Թուրքիա այս ամբողջը յաղթահարեց ծայր աստիճան բարդ տարածքաշրջանային կլիմայի մը մէջ։ Արդարեւ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տարիներէ ի վեր հուրն ու սուրը կը գերիշխեն եւ այդ իրավիճակին մէջ երկիրը բնականաբար հարիւր տոկոսով զերծ չի կրնար մնալ իրեն բաժին վիճակած ռիսքերէ։ Թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով՝ Թուրքիա յաջողեցաւ թէ՛ ամուր պահել իր ժողովրդավարութեան հիմքերը եւ թէ չէզոքացնել իր անվտանգութեան ուղղար ռիսքերը։

15 յուլիս 2016 թուականի դէպքերէն երկու տարի անց Թուրքիոյ մէջ ներկայիս օրակարգի վրայ է արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը բաւ համարելու հարցը։ Երկիրը աստիճանաբար կը վերականգնէ իր բնականոն կեանքը եւ այդ ճանապարհին վրայ ճակատագրական կը համարուին անցեալ 24 յունիսի ընտրութիւնները։  Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ այսօր արդէն պետական կառավարման նոր համակարգ մը հաստատուած է  Թուրքիոյ մէջ եւ այս նոր իրավիճակին մէջ բոլորը շատ աւելի գործնական, արագ եւ արմատական լուծումներ կ՚ակնկալեն երկրի առջեւ ծառացած խնդիրներուն համար՝ սկսելով տնտեսութենէն ու ժողովրդավարութենէն՝ մինչեւ անվտանգութիւն եւ ներքին համերաշխութեան ամրապնդում։

Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն երկու տարի անց ամբողջ երկիրը բիւր յարգանքով կը վերյիշէ նահատակները՝ որոնք քաղաքացիական արիութիւն ցուցաբերեցին՝ զոհելով իրենց կեանքը երկրի ճակատագրին համար։ 15 յուլիս թուականը Թուրքիոյ մէջ այլեւս կը համարուի նուիրագործուած եւ բոլորին առիթ կ՚ընձեռէ խորաթափանց վերլուծելու երկրին յաղթահարած վտանգը եւ մանաւանդ գնահատելու ժողովրդավարութեան արժէքը։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018