ՊՐԻՒՔՍԵԼ ԿԸ ՁԳՏԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ ԼՈՒԾԵԼ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԵՏ ԱՌԿԱՅ ՀԱՐՑԵՐԸ

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Ժողովականները քննարկեցին Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընթացքը։ Ֆրանսայի կողմէ գլխաւորուած շարք մը երկիրներ այս փուլին կողմնակից էին, որ ԵՄ աւելի խիստ դիրքորոշում մը որդեգրէ Թուրքիոյ պարագային։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այդ ակնկալութիւնները չեն արդարացած։

Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը պէտք է յաղթահարուի։ Աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի ճանապարհներ գտնուին՝ խնդրայարոյց նիւթերու կապակցութեամբ փոխադարձ հասկացողութեան ապահովման նպատակով։ Ըստ Պորելի, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պէտք է ամրացուին ու զարգացուին։ Ան Թուրքիոյ հետ շփումները խտացնելով պիտի ջանայ երկխօսութեան գետին մը ստեղծել։ Պորել համոզուած է, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պէտք է զարգանան՝ Եւրոպայի արժէքներու, սկզբունքներուն եւ շահերուն յարմար ձեւով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020