ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԷՆԹԸՆԻ ՊԼԻՆՔԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ: Անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուած մշտական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն ներս անոր ունեցած դերակատարութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն անդրադարձան Արցախի պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին։

Իր կարգին, Էնթընի Պլինքըն շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի առթիւ՝ ընդգծելով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած հետեւողական քայլերը՝ Հայաստանի ժողովրդավարական ձեռքբերումներու ապահովման կապակցութեամբ: Այս ամբողջին մէջ, Էնթընի Պլինքըն բարձր գնահատեց Նիկոլ Փաշինեանի գործադրած ջանքերը՝ երկրէն ներս նախընտրական շրջանին ստեղծուած լարուածութիւնը խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու եւ ընդդիմութեան հետ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ կառուցելու ուղղութեամբ: Էնթընի Պլինքըն շեշտեց նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու օրակարգի կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս, փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան համակարգի եւ ոստիկանութեան բարեփոխումներու ուղղութեամբ։ Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ է շարունակել օժանդակութիւնը այս կապակցութեամբ:

Միաժամանակ ան նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ գործընկերութիւնը խարսխուած է ժողովրդավարական արժէքներու վրայ:

Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանի ձեռքբերումները գնահատելու համար: Ան բարձր գնահատեց ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կաճառներու, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան գործունէութեան մեկնարկի ուղղութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան նշեց նաեւ, որ պարեկային ծառայութիւնը յետագային պիտի ընդլայնուի ամբողջ երկրին մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ ամերիկեան օժանդակութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ամբողջացնել այդ գործընթացը: Փաշինեան բարձր գնահատեց պետական քարտուղարի տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքերի՝ մէկ ամիս առաջ Ատրպէյճանէն հայ գերիներու վերադարձին կապակցութեամբ ներդրած ջանքերը: Որպէս տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման առանցքային խնդիրներ՝ կարեւորուեցաւ գերիներու վերադարձի եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու դուրսբերման հարցերը:

Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հաւաստիացուց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բոլոր գերիներու վերադարձը ապահովելու համար: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ Պլինքըն յոյժ կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործունէութեան վերականգնումը՝ ընդգծելով խաղաղ գործընթացի յստակ օրակարգի մշակման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ գտնել հակամարտութեան կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում:

Այս համատեսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւս շեշտեց, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ եւ կը պահանջէ համապարփակ լուծում, որուն հնարաւոր է հասնիլ բացառապէս Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակին մէջ:

Ամերիկեան կողմը նշեց, որ համաձայն է Փաշինեանի այն դիտարկման, որ սթաթիւքոն չի կրնար կայուն ըլլալ եւ Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան համար անհրաժեշտ է յստակ օրակարգ, ինչ որ կը նպաստէ բանակցութիւններու յաջողութեան:

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական մը ուղարկած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնին՝ երկրի Ազգային տօնին կապակցութեամբ։ Ան յանուն հայ ժողովուրդի եւ իր անձին անունով շնորհաւորած է Մաքրոնն ու ֆրանսացի ժողովուրդը։ Փաշինեան շնորհաւորականին մէջ գրած է հետեւեալը.

«Աւելի քան երկու դար առաջ ֆրանսացի ժողովուրդը համախմբուեցաւ ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան արժէքային առանցքի շուրջ՝ եւրոպական քաղաքակրթութեան համար ճանապարհ հարթելով դէպի մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած ապագայ։ Իսկ այսօր, Հայաստանը, իր հաւատարմութիւնը ցոյց տալով նոյն անբեկանելի արժէքներուն, վճռական քայլերով կը շարունակէ առաջ ընթանալ ժողովրդավարական կաճառներու եւ իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման ուղիով։

«Անվիճելի է, որ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ ընդհանուր արժէքներու եւ դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութիւնները կը կրեն առանձնաշնորհեալ բնոյթ։ Երկու պետութիւններու միջեւ բացառիկ քաղաքական երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ յաջողութեամբ համագործակցիլ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ ծրագրերու ու հարցերու շուրջ։

«Անցեալ տարի տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններու համատեքստին վրայ Հայաստան իր անկեղծ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բարեկամ Ֆրանսային՝ անաչառ դիրքորոշման եւ Հայաստանի ու Արցախի խաղաղ բնակչութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ֆրանսան եւ ֆրանսացիները հերթական անգամ մեր կողքին էին պատմական այս դժուար շրջափուլին: 

«Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով Ֆրանսայի ամուր ներգրաւումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ: Մենք բարձր կը գնահատենք Ֆրանսայի ջանքերը հայ ռազմագերիներու տուն վերադարձի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերուն կապակցութեամբ։

«Ֆրանսայի միասնականութիւնը եւ հերոսական պատմութիւնը խորհրդանշող տոօնական այս օրը կը մաղթեմ ձեզի  քաջառողջութիւն, անկոտրում կամք եւ յաղթանակներ ձեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ, իսկ ֆրանսացի ժողովուրդին՝ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն»։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 14, 2021