ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՕՏ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը երէկ հիւրընկալեց իրմէ առաջ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած նախորդ երեք անձնաւորութիւնները։ Այսպէս, Լաքի Վինկաս, Թորոս Ալճան եւ Մորիս Լեւի հիւրընկալուեցան նոր ներկայացուցիչին կողմէ, որու հետ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցի ժամանակ իրեն յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 14, 2021