ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՏԵՒԱԲԱՐ ԿԸ ՍՐԷ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան հայ­կա­կան կող­մի զսպուա­ծու­թեան կո­չին կը պա­տաս­խա­նէ լա­րուա­ծու­թեան սրաց­մամբ։ Ըստ նա­խա­րա­րին, Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը վե­րահս­կե­լի է։ Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Սէյ­րան Օ­հա­նեան մատ­նան­շեց, որ Պա­քուի մէջ կազ­մա­կերպուած Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րուն ժա­մա­նակ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը ա­պա­հո­վե­ցին հրա­դա­դա­րի կա­տա­րու­մը՝ տա­կա­ւին ա­ւե­լին, ցու­ցա­բե­րե­ցին զսպուա­ծու­թիւն։ Իսկ այդ խա­ղե­րուն ա­ւար­տե­լէն ի վեր լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի վե­րի­վայ­րում­նե­րով։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Ատր­պէյ­ճան կազ­մա­կեր­պած է քա­նի մը հե­տա­խու­զա­կան փոր­ձեր, ո­րոնք կան­խուած են։ «Ի պա­տաս­խան հայ­կա­կան կող­մի յայ­տա­րա­րու­թեան, թէ պէտք է երկ­խօ­սու­թիւն եւ շփման գծին վրայ վստա­հու­թեան դրու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման մի­ջո­ցաւ պահ­պա­նել հրա­դա­դա­րը, հա­կա­ռա­կոր­դը կը պա­տաս­խա­նէ լա­րուա­ծու­թեան սրաց­մամբ», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­րա­րը դի­տել տուաւ, թէ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը գե­րա­զանց կեր­պով կը կա­տա­րեն ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ «Մենք պատ­րաստ ենք ոչ միայն պաշտ­պա­նու­թեան, այլ նաեւ կան­խար­գե­լիչ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու եւ զսպման հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու», ընդգ­ծեց Օ­հա­նեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015