ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ երէկ շփումներ ունեցաւ Դամասկոսի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Սուրիոյ ներքին պատերազմի լուծման յարմարագոյն տարբերակներուն շուրջ։ Զարիֆ հաստատեց, թէ Սուրիոյ ժողովուրդը պէտք է շարունակէ պայքարը առանց արտաքին միջամտութեան ու պահպանելով տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ըստ Զարիֆի, Իրան պիտի շարունակէ օգնել Սուրիոյ ազգին՝ ամրութեան ամրապնդման համար։
Զրուցակիցները ընդգծեցին նաեւ, թէ Մերձաւոր Արեւելքի պետութիւններն ու աշխարհի այլ երկիրները պէտք է գիտակցին, որ անոնց ճակատագիրն ու իրենց ազգերու ապագան լուրջ վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի ահաբեկչութեան տարածման հետեւանքով։
Նոյն տեսակցութեան ընթացքին Պեշար Էսատ շնորհաւորութիւններ փոխանցած է Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած միջազգային համաձայնութեան շուրջ։ Ան համոզուած է, թէ այդ համաձայնութիւնը ապահովուած է շնորհիւ Իրանի ազգի տոկունութեան։ «Սա վառ ապացոյց մըն է, որ միայն կամքն ու ամրութիւնը կրնան ըլլալ ազգային շահերու իրականացման ուղին», զրոյցի ընթացքին նշած է Էսատ, որ նաեւ գնահատած է Իրանի նեցուկը ու ողջունած անոր ջանքերը՝ Սուրիոյ մէջ պատերազմի դադրեցման, ինքնիշխանութեան համար։