ԴԷՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ…

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի եր­կա­րա­տեւ ո­րո­նում­նե­րը ա­պար­դիւն մնա­ցին՝ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ճա­նա­պար­հին։ Եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը՝ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ե­րէկ եր­րորդ ու վեր­ջին ան­գամ տե­սակ­ցե­ցան Ա­ն­­գա­րա­յի մէջ։ Այս ան­գամ եւս կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու կող­քին էին Էօ­մէր Չե­լիք եւ Հա­լուք Քոչ, ո­րոնք գլխա­ւո­րե­ցին միջ­կու­սակ­ցա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ հա­մա­կար­գե­ցին այս ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցը։ 1.5 ժամ տե­ւած ե­րէ­կուան զրոյ­ցէն վերջ Տա­վու­տօղ­լու եւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու մամ­լոյ ա­սու­լիս­ներ սար­քե­ցին ի­րենց կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն­նե­րէն ներս։ Ա­նոնք պաշ­տօ­նա­պէս հան­րա­յին կար­ծի­քին տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հաս­նիլ՝ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ճա­նա­պար­հին։ Եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներն ալ բարձր գնա­հա­տե­ցին տա­րուած աշ­խա­տան­քին նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ ի­րա­րու նկատ­մամբ ու­նե­ցան չա­փա­ւոր ու փո­խա­դարձ յար­գան­քով ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, որ կարգ մը նիւ­թե­րու շուրջ չեն կրցած հաս­նիլ հա­մա­ձայ­նու­թեան, մէջ­բե­րե­լով ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ կրթու­թեան ո­լորտ­նե­րու օ­րի­նակ­նե­րը։ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի խօս­քե­րով, ի­րենց հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջար­կը չէ ներ­կա­յա­ցուած, այլ վար­կած­ներ յա­ռաջ քշուած են հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար կան­խա­հաս ընտ­րու­թիւն­նե­րու եր­թա­լու հա­մար։ Հուսկ, Տա­վու­տօղ­լուի ե­րէ­կուան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ար­դէն կ՚ու­րուագ­ծեն մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յի հո­րի­զո­նը, որ­քան որ ալ ան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան դրու­թեամբ ժա­մադ­րու­թիւն մը պա­հան­ջած ըլ­լայ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիէն։ Այս­պէս, ըստ Տա­վու­տօղ­լուի, ազ­գի կամ­քին վերս­տին դի­մե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը որ­պէս հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն շատ բարձ­րա­ցած է, նոյ­նիսկ վե­րա­ծուած է միակ հա­ւա­նա­կա­նու­թեան։ Այս­պէ­սով, Թուր­քիա ար­դէն ճա­նա­պարհ կ՚առ­նէ դէ­պի նոր ընտ­րու­թիւն մը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015