ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԹԵՐԹԸ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Իտալական Giornale dell’Umbria թերթը Հայաստանի մասին զբօսաշրջային յօդուած մը հրապարակած է։ Հայաստանի բացառիկ գեղեցկութեան կ՚անդրադառնայ այս յօդուածը, ուր մասնաւորապէս գրուած է.
Ճչացող քարերու պետութիւն-Հայաստան, Հայաստան», այսպէս գրած է ռուս բանաստեղծ Օսիպ Մանտելշտամ: Մինչ օրս սա ամենագեղեցիկ արտայայտութիւնն է, որ ամենէն աւելի ամբողջականօրէն կը բնորոշէ այս առինքնող հողը, ուր նոյնիսկ առարկաները հոգի ունին:
Հայաստան կը շարունակէ իսլամական աշխարհներով շրջապատուած բացառիկ քրիստոնէական հող ըլլալ:
«Հեշտ չէ հեռանալ Հայաստանէն, աւելի դժուար է այնտեղ չվերադառնալը»: Եւ իրօք, իւրաքանչիւրը, որ կը յայտնուի այդ արտասովոր մթնոլորտին մէջ, կը կախարդուի անով եւ մարդ անընդհատ կը կարօտնայ զայն:
Օդանաւով Իտալիայէն չորս ժամուան հեռաւորութեան վրայ է այդ գեղեցիկ երկիրը, ուր հաւատքի գանձեր պահպանուած են:
Այս երկիրը, որ կը գտնուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին, ոգեղէնութեան եւ բնական գեղեցկութեան աղբիւր է: 30 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածքով փոքրիկ երկրին մէջ ամէն ինչ կայ՝ լեռնային անտառներ, լողափներով շրջապատուած հսկայ լիճ, խորհրդաւոր լեռնային սարահարթ՝ խոշոր գլաքարերով, որոնք խորհրդաւոր կերպով տաշուած են եւ տեղադրուած ճշգրիտ հաշուարկներու համապատասխան, որուն շնորհիւ այս սարահարթերու առաջին բնակիչները կրցած են ուսումնասիրել աստղերն ու համաստեղութիւնները:
Երկիրը սահմանակից է հիւսիսէն՝ Վրաստանին, արեւմուտքէն՝ Թուրքիոյ, արեւելքէն՝ Ատրպէյճանին, հարաւէն՝ Իրանին եւ ատրպէյճանական Նախիջեւան արտագաւառին:
Հայաստանի մէջ գլխաւոր կրօնը Հայ առաքելականութիւնն է, պաշտօնական լեզուն՝ հայերէնը, շատ տարածուած է նաեւ ռուսերէնը:
Այստեղ պարզ օրերուն կրնայ նոյնիսկ թուալ, թէ Արարատ լերան վրայ կը տեսնես Նոյեան տապանը: Այս երկրի սքանչելի բնապատկերները նշանաւորուած են սքանչելի խաչքարներով: Փոքր երկիր է սա, որուն մասին սակայն բոլոր ճանապարհորդները կ՚ըսեն, թէ մեծ կը թուի:
Շատերը տեղեակ են նաեւ տեղւոյն բնակիչներու սիրալիրութեան, հիւրերուն հանդէպ անոնց առատաձեռնութեան: Այս ժողովուրդը դարեր շարունակ դաժանութիւն, չարիք տեսած է, ստիպուած եղած է հեռանալ հայրենի հողերէն, բայց երբեք չէ չարացած: Այս երկրի եկեղեցիները, որ թաքցուած են անտառներու անկիւններուն եւ լեռնային բարձունքներուն, ստեղծուած են հայ վարպետներու եւ ճարտարապետներու կողմէ, որոնք հինգերորդ-վեցերորդ դարերուն արդէն սքանչելի կառոյցներ շինած են:
Ծիծեռնակաբերդի մէջ, որ Երեւանի մէջ կը գտնուի, պէտք է այցելել 1915-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը, որ Ապրիլ 24-ին կը ծածկուի կարմիր ծաղիկներէ կազմուած գորգով՝ ծաղիկներ, զորս կը բերեն աւելի քան մէկ միլիոն անձեր Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: