ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Նախկին դատախազ Զէքէրիա Էօզի արտասահմանեան ոդիսականը կը շարունակէ զբաղեցնել հանրային կարծիքին օրակարգը։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, թէ իր հասցէին ձերբակալման որոշում ընդունուած նախկին դատախազ Զէքէրիա Էօզ երկրէն խոյս տալէ վերջ՝ Հայաստանի վրայով մեկնած է Գերմանիա։ Ան Երեքշաբթի երեկոյեան Երեւանէն օդային ճանապարհով ուղեւորուած է Գերմանիա, ուր մուտքի թոյլտուութեան անհրաժեշտութենէն զերծ ձեւով կրցած է մտնել՝ շնորհիւ իր կանաչ անցագրին։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերու հաղորդումներուն մէջ կը նշուէր, թէ Զէքէրիա Էօզի հետ Հայաստան մեկնած էր նաեւ նոյնպէս նախկին դատախազ Ճելալ Քարա, որու մասին չի խօսուիր այս վերջին հաղորդումներուն մէջ։