ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏ

Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րը (ԱՀՀ) որ Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը վե­րա­կեն­դա­նաց­նել կը ձգտի, իր կազ­մին մէջ ներգ­րա­ւած է Ա­լին Օ­զի­նեա­նը՝ որ­պէս տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին վեր­լու­ծա­բան։ Ծա­նօթ է, որ Ա­լին Օ­զի­նեան նախ­կին պոլ­սա­հայ մըն է եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­սա­նե­լէ վերջ հաս­տա­տուած է Հա­յաս­տան։ «news.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԱՀՀ-ի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կ՚ող­ջու­նէ Ա­լին Օ­զի­նեա­նի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կէն ներս պաշ­տօ­նի սկսի­լը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծուած է, թէ ան Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մէջ կու­տա­կած է հա­րուստ աշ­խա­տան­քա­յին փոր­ձա­ռու­թիւն մը ու կը կար­դայ նաեւ օս­մա­նե­րէն։

Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նին մօտ ու­սա­նե­լէ եւ թրքա­գի­տու­թեան մա­գիստ­րո­սի կո­չում ստա­նա­լէ վերջ, Ա­լին Օ­զի­նեան կա­մա­ւոր աշ­խա­տած է որ­պէս Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի բա­ժան­մուն­քի Թուր­քիոյ բաժ­նին մօտ։ Մի­ջոց մը աշ­խա­տած է նաեւ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան մօտ, Իս­թան­պուլ։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն որ­պէս վեր-­լու­ծա­բան կը մեկ­նա­բա­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րը։ Նոյն­պէս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան կ՚աշ­խա­տէր «Սի­վի­լի­թաս» հիմ­նար­կին մօտ, ուր­կէ դուրս ե­կած է վեր­ջերս։ Օ­զի­նեան պար­բե­րա­բար յօ­դուած­ներ կը ստո­րագ­րէ նաեւ թրքա­կան մա­մու­լին մէջ։

ԱՀՀ-ի խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Էն­թը­նի Պար­սա­մեան եւ Վան Գրի­գո­րեան հա­մո­զուած են, թէ Ա­լին Օ­զի­նեա­նի ու­նե­ցած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը կրնան անհ­րա­ժեշտ վեր­լու­ծա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռել՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ա­պա­գա­յին ու կեն­սա­կան կա­րիք­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015