Դի­լի­ջա­նեան Ճամ­բա­րը ԿԸ Հա­մախմ­բէ Հայ եւ Վրա­ցի Ե­րա­ժիշտ­ներ

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հայաստանի Յօրինողներու միութիւնը, Օգոստոսի 15-26 թուականներուն միջեւ, Դիլիջանի Եդուարդ Միրզոյեանի անուան երգահաններու ստեղծագործական տան մէջ պիտի իրականացնէ հայ եւ վրացի երիտասարդ երգահաններու եւ կատարողներու երաժշտական ճամբար:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջոցառումը պիտի իրականացուի հայ-վրացական համագործակցութեան ծիրէն ներս: Երաժշտական ճամբարին նպատակն է ստեղծել միասնական հարթակ մը երկու երկիրներու երիտասարդ արուեստագէտներու միջեւ փորձի փոխանակման, մշակութային կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ յետագայ համատեղ նախագիծերու մշակման համար:

Երաժշտական ճամբարին Հայաստանէն եւ Վրաստանէն պիտի մասնակցի քառասուն երգահան եւ կատարող:

Տասներկու օրերու ընթացքին մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ եւ վարպետութեան դասեր ինչպէս հայաստանաբնակ, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ անուանի երգահաններու, կատարողներու, արուեստի եւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչներու հետ: Նախագիծին ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանդիպում Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի հետ:

Հայ եւ վրացի արուեստագէտներու համար պիտի կազմակերպուի պտոյտ դէպի Հաղարծին եւ Գոշավանք, իսկ ճամբարի աւարտէն ետք՝ այցելութիւն Երեւանի թանգարաններ:

Ճամբարը պիտի եզրափակուի 12-օրեայ աշխատանքի ամփոփումով եւ կալա-համերգով, որ տեղի պիտի ունենայ Դիլիջանի Եդուարդ Միրզոյեանի անուան երգահաններու ստեղծագործական տան «Պեթհովէն» դահլիճին մէջ: Մեծ խարոյկը պիտի ազդարարէ ճամբարին աւարտը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017