ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը հասկնան՝ թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ յառաջընթացի հասնելու անհնարինութեան պատճառը Ատրպէյճանն է։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ համանախագահները կը հետապնդեն միակ նպատակ մը, որն է կանխել ռազմական հաւանական զարգացումները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութեան ժողովէն վերջ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ, փոխ-նախարար Քոչարեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ «Անոնց թիւ մէկ խնդիրն է, որ ռազմական լարուածութեան աստիճանը նուազի։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միւս առաքելութիւնն է նպաստել՝ որպէսզի կողմերը հասնին համաձայնութեան մը։ Համանախագահները կեդրոնացած են այս հարցի վրայ», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ միջնորդները շատ լաւ կը հասկնան՝ թէ այս հարցին մէջ յառաջընթացի մասին խօսիլ անհնար է եւ պատճառը Ատրպէյճանն է՝ իր քաղաքականութեամբ։ Իր խօսքերով, անցեալի նման, Ատրպէյճան յոյս ունի հարցը ուժով լուծելու թէ՛ Արցախի հետ շփման գծին եւ թէ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ։ Ներկայիս թէեւ Արցախի հետ շփման գծին վրայ յարաբերաբար լռութիւն կրնայ տիրել, սակայն դէպքեր կը պատահին թէ՛ այնտեղ եւ թէ Հայաստանի սահմանին վրայ։ «Այդ բոլորը հերթական անգամ ցոյց կու տան, թէ Ատրպէյճան հակուած չէ խնդրի խաղաղ լուծման ու նախկինին նման յոյս ունի՝ ուժով լուծել զայն», նշեց Շաւարշ Քոչարեան։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ ամիս Նիւ Եորքի մէջ պիտի կազմակերպեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ տեսակցութիւն մը։ Օրակարգի վրայ է նաեւ երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեսակցութեան մը կազմակերպումը։ Երեւան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հաստատած է այս հաւանականութիւնը, սակայն տակաւին չկայ վերջնական յստակութիւն մը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՀԱԿԼԸՆՏ

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան կը շարունակեն համագործակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Իր խօսքերով՝ հակամարտ կողմերուն համար եկած է վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու ժամանակը։ Միջազգային միջնորդներուն անունով «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական եւ ատրպէյճանական ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային այս ուղղութեամբ կ՚իրականացուին որոշ քայլեր։ «Կը գիտակցիմ, որ այս պահուն դժուար պիտի ըլլայ ամբողջական ապառազմականացման հասնիլ, հակառակ անոր որ այդ մէկը շատ ցանկալի է, սակայն մենք պէտք է նուազեցնենք ռազմական բախումներու հաւանականութիւնը», ըսած է Հակլընտ։ Բաց աստի, ամերիկացի դիւանագէտը անհրաժեշտ կը համարէ սահմանամերձ եւ շփման գօտիներէն դուրս բերել արձակազէնները, բազմացնել միջազգային դիտորդներու թիւը եւ յատուկ սարքաւորումներ տեղադրել հսկողութիւնը բարելաւելու նպատակով։

«Երբ երկու զինուած կողմեր բարդ տարածքի մը մէջ իրարու մօտիկ կը գտնուին, բախումի հաւանականութիւնը բարձր կ՚ըլլայ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ միջնորդները մեծ ակնկալիքներ ունին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն, որուն նաեւ կրնան հետեւիլ բանակցութիւններ՝ նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի մակարդակով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ միջնորդները ի՞նչ նոր առաջարկներ ունին նախագահներուն՝ Հակլընտ ըսած է. «Առկայ է համապարփակ փաստաթուղթ մը, սակայն կան նաեւ անոր հասնելու քայլեր եւ փուլեր եւ ես յոյս ունիմ, թէ բարձրագոյն մակարդակով յաջորդ բանակցութիւններու ընթացքին, կողմերը լուրջ աշխատանք կը կատարեն։ Նոյնիսկ եթէ վերջնական կարգաւորման կարելի չըլլայ հասնիլ, կը յուսամ, թէ անոնք կը յայտարարեն որոշ յստակ քայլերու դիմելու մասին»:

Ըստ դեսպանին՝ տագնապի կարգաւորման հիմնաքարը՝ գտնելն է այնպիսի՛ փոխզիջումներ, որոնք պիտի ապառազմականացնեն իրավիճակը եւ տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն համար պիտի բերեն խաղաղութիւն, բարգաւաճում ու ապահովութիւն: Ան շեշտած է նաեւ, թէ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աշխատիլ Ռուսաստանի հետ, հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ վատթարացող յարաբերութիւններուն եւ որդեգրուած փոխադարձ պատժամիջոցներուն։ «Իրարու հետ մեր աշխատանքին մէջ բացարձակապէս ոչինչ փոխուած է. համանախագահներուն միջեւ յարաբերութիւնները չեն փոխուած: Քաղաքական գործիչները կրնան բախումներ ունենալ իրարու հետ, սակայն աշխատանքը կը շարունակուի եւ մենք այդ մէկը կ՚իրականացնենք՝ ձեռք ձեռքի տուած», եզրափակած է Հակլընտ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017