ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ՝ «ՄԵՆՉԸՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ»-«ՈՒԵՍԹ ՀԵՄ» ԽԱՂԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂԸ

Անգլիոյ Առաջին լիկի մեկնարկային փուլին «Մենչըսթըր Եունայթըտ» խումբը իր դաշտին վրայ 4-0 հաշուով առաւելութեան հասաւ «Ուեսթ Հեմ»ի դիմաց։

«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան ինքզինք լաւագոյնս դրսեւորեց եւ դարձաւ երկու կոլի փոխանցումներու հեղինակ։ Մխիթարեանի օգնութեամբ կոլ մը արձանագրեց Ռոմելու Լուքաքուն՝ հաշիւը դարձնելով 2-0, այնուհետեւ Անթոնի Մարսիըլը՝ 3-0։ Իսկ մինչ այդ կոլ մը եւս արձանագրեց Լուքաքու։ Հանդիպման 90-րդ վայրկեանին 4-0 դարձուց Փոլ Փոկպա։ Մխիթարեան խաղադաշտին վրայ մնաց 89 վայրկեան։

Միւս կողմէ, Whoscored.com կայքէջը Անգլիոյ Առաջին լիկի մեկնարկային փուլին կայացած «Մենչըսթըր Եունայթըտ»-«Ուեսթ Հեմ» խաղի լաւագոյն խաղացողը ցոյց տուաւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը։

Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպանը 10 համակարգով ստացած է 9.1 գնահատական։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017