ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով ու մեծ հանդիսաւորութեամբ նշեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Տաղաւարի առթիւ մեծ հրճուանք ստեղծուեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Աւանդական խաղողօրհնէքը կատարուեցաւ համայն աշխարհի խաղաղութեան ու մեր ժողովուրդի բարօր կեանքի մաղթանքով։ Հաւատացեալ ժողովուրդը շարան-շարան փութաց եկեղեցի՝ հաղորդ դառնալով տաղաւարի խորհուրդին եւ ստանալով Ս. Եկեղեցւոյ խորանէն իրեն համար բաժին վիճակած օրհնուած խաղողի ողկոյզներէն։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը երէկ նշուեցաւ մեծ հանդիսաւորութեամբ։ Մայր Տաճարի մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։ Պատարագիչ սրբազան հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Իր քարոզին մէջ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան ընդգծեց, որ Ս. Աստուածածնի տաղաւարը ըստ էութեան ունի երկու կարեւոր պատգամ։ Այդ պատգամներէն առաջինն է՝ ըլլալ համեստ եւ հնազանդիլ Աստուծոյ կոչին հասնելու համար երանաւէտ հանգիստին։ Երկրորդ պատգամը այն է, որ մեր՝ Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած հաւատքին համար վարձատրութիւն պէտք չէ սպասենք։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հանդիսաւոր թափօր մը կազմուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարէն դէպի Ս. Տրդատի բաց խորանը։ Մայրավանքի տարածքէն ներս հաւատացեալները յուզումնախառն զգացումներով հետեւեցան բաց խորանին վրայ կատարուած խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութեան, որուն հանդիսապետեց Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեան։ Արարողութենէն վերջ օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։

Թրքահայ համայնքն ալ աւանդական շուքով նշեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Վաքըֆլըգիւղի մէջ էր, ուր հանդիսապետեց տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահելու առընթեր մասնակցութիւն բերաւ գիւղէն ներս կազմակերպուած աւանդական խրախճանքին։ Քաղաքիս մէջ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն հանդիսապետեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց ու քարոզեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի առթիւ ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Կղզիի մէջ պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ ալ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը հոգեւոր մեծ ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ խրատականը խօսեցաւ Տ. Գրգիոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Բաց աստի, մեր միւս հայահոծ թաղերու եկեղեցիներն ալ լեցուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ։ Տաղաւարի խանդավառութենէն բաժին վիճակեցաւ նաեւ հայ բնակչութենէն նօսրացած մեր թաղերու եկեղեցիներուն համար, ուր եւս մատուցուեցան սուրբ պատարագներ ու կատարուեցան խաղողօրհնէքի արարողութիւններ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017