ԼԱՐՈՒԱԾ ՊԱՅՔԱՐ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ծայր տուած տագնապը կը ծաւալի մտահոգիչ իրադարձութիւններով։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ միջոցէ մը ի վեր կուտակուած քաղաքական տարաձայնութիւնները տագնապի վերած-ւեցան՝ Թուրքիոյ մէջ վերապատուելի Էնտրու Պրանսընի ձերբակալումով։ Ուաշինկթըն կը պահանջէ տնային կալանքի տակ գտնուող վերապատուելիի անյապաղ ազատ արձակուիլը եւ սկսած է պատժամիջոցներ գործադրել Թուրքիոյ դէմ։ Անգարա կը դիմադրէ այս բոլորին եւ այդ դիմադրութիւնը բաւական մեծ զոհողութիւններով ու դժուարութիւններով յառաջ կը տարուի, որովհետեւ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը անհամեմատօրէն բարձրացած է Թուրքիոյ մէջ։ Տնտեսական գետնի վրայ զօրաշարժի ենթարկուած է երկիրը, մինչ դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակուին՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բնականոն հունին վերադարձնելու համար։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը ներկայիս առկախած է նաեւ այն գործարքը, որով Թուրքիա պիտի ներածէր «F-35» ռազմաօթանաւեր։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ շարունակեց բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տալ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ։ Էրտողան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Թրամփի կողմէ Թուրքիոյ դէմ քմահաճօրէն սահմանուած պատժամիջոցները խոտոր կը համեմատին Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան սկզբունքներուն։

Առկայ բարդ իրավիճակին մէջ երէկ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ տեսակցեցաւ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ Քննարկուեցան պատուելի Էնտրու Պրանսընի վիճակին շուրջ հարցեր։ Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ։

ԱՄՆ-ի դէմ առկայ լարուածութիւնը Թուրքիա կը դիմագրաւէ՝ Եւրոմիութեան կողմէ որոշ զօրակցութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Ծանօթ է, որ ներկայիս Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի միջեւ ալ գոյութիւն ունին տարաձայնութիւններ։ Այս իրավիճակին մէջ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ բարեկեցութիւնը նպաստաւոր կը համարուի Եւրոպայի շահերուն տեսակէտէ։ Մերքէլ նշեց, որ ոեւէ մէկը շահ չի կրնար ունենալ եթէ Թուրքիա դառնայ ապակայուն։ Իտալիայէն եւ եւրոպական այլ երկիրներու կողմէ ալ Թուրքիոյ տեսակէտէ նպաստաւոր յայտարարութիւններ հնչեցին։ Պրիւքսելէն հասած լուրերուն մէջ ալ շեշտուեցաւ, որ Եւրոմիութիւնը կը դիտարկէ Թուրքիոյ իրադարձութիւնները։ Եւրոյանձնաժողովի բանբերներէն Քրիստիան Սփահր յայտնեց, որ կը գիտակցին թրքական լիրայի արժեզրկման բերումով եւրոպական դրամատուներու ենթարկուելիք հաւանական ազդեցութիւններուն։ Ան եւրոյի գօտիի դրամատուներուն տեսակէտէ ներկայ վիճակը համարեց մտահոգիչ։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի հետ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Թուրքիա այսօր իր տարածքաշրջանէն երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը հիւրընկալէ։ Այսպէս, Անգարայի մէջ Էրտողան կը տեսակցի Իրաքի վարչապետ Հայտար էլ Իպատիի հետ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ կ՚ընդունի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւնները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018