ԱՐՁԱԿԱԳԻՐ ՀՄԱՅԵԱԿ ՈՍԿԱՆԵԱՆ

Արձակագիր ու թարգմանիչ Հմայեակ Ոսկանեան ծնած է 1902 թուականի փետրուար 15-ին, Ալաշկերտ գաւառի Քարաքիլիսէ գիւղաքաղաքին մէջ, Աղրը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյ ութամեայ դպրոցին մէջ։ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ ընտանիքով գաղթած եւ բնակութիւն հաստատած է Թիֆլիզ։ Եղած է գրաշար։ 1921 թուականին տեղափոխուած է Երեւան։ 1922-1925 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմագրական ֆաքիւլթէին մէջ։ 1925-1929 թուականներուն աշխատած է որպէս քարտուղար։ 1932 թուականին պաշտօնավարած է Մոսկուայի Լրագրական կաճառէն ներս։ 1928-1933 թուականներուն որպէս խմբագիր աշխատած է Լենինականի «Բանուոր» թերթին մէջ։ 1933-1934 թուականներուն եղած է Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «Հարուածային բանուոր» թերթի խմբագիրը։ 1934-1940 թուականներուն եւ 1954-1957 թուականներուն եղած է «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի խմբագիրը, 1939-1941 թուականներուն եւ 1946-1948 թուականներուն՝ Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղար։ Հմայեակ Ոսկանեան իբրեւ գրական անուն ընտրած է «Սիրաս»ը։

Ան եղած է ռազմական թղթակից, Խորհրդային Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր քաղաքական վարչութեան մէջ հայկական հրատարակչութիւններու խմբագիր, թարգմանիչ։ Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ տիրացած՝ բազում շքանշաններու եւ պարգեւներու։

Հմայեակ Սիրաս մահացած է 14 օգոստոս 1983 թուականին, 81 տարեկանին, Երեւանի մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020