ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ լայնածաւալ ռազմափորձը հասաւ իր աւարտին։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար այս առթիւ այցելեց Ատրպէյճան՝ իր հետն ունենալով Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէրն ու բանակի բարձրաստիճան հրամանատարները։ Զօրավարժութիւններու վերջին փուլին մասնակցեցաւ նախարարը եւ աւարտին հանդիպում մը ունեցաւ մասնակից զինուորներուն հետ։ Հուլուսի Աքար այս առթիւ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Ատրպէյճանի կողքին ենք Հայաստանի դէմ, որ աշխարհի աչքին առջեւ ցեղասպանութիւն կատարած է Խոճալուի մէջ եւ բռնագրաւած՝ Լեռնային Ղարաբաղը։ Ատրպէյճան առանձին չէ»։  

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020