ԹԻՖԼԻԶ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԴԷՄ

Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտարարեց, որ Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու գործընկերութիւնը տարածքաշրջանային համագործակցութեան լաւ օրինակ մըն է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Զալքալիանի ընդգծեց, որ Վրաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մին է տարածքաշրջանային համագործակցութիւնը։

«Լեւան Միքելածէ» հիմնարկին եւ Վրաստան-ԱՄՆ գործարար խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած «Վրաստանն ու հարեւանները» նիւթին ձօնուած հեռավար տեսաժողովին ժամանակ Զալքալիանի կոչ ուղղեց, որպէսզի միջազգային գործընկերները Վրաստանին զօրակցին Ռուսաստանի դէմ։ Անդրադառնալով Մոսկուայի եւ Թիֆլիզի առկայ խնդիրներուն՝ Զալքալիանի ըսաւ. «Մեր գործընկերներուն կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի այս խնդիրը Եւրոպայի անվտանգութեան օրակարգի առաջնահերթութիւնը դարձնեն»։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սթեֆըն Պիկինն ալ մասնակցեցաւ այս հեռավար տեսաժողովին, որու ընթացքին Զալքալիանի արտայայտուեցաւ ի նպաստ տարածքաշրջանային համագործակցութեան եւ գործընկերութիւններու ամրապնդման։ Սա Թիֆլիզի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մին է։ Արդարեւ, տարածքաշրջանային համագործակցութիւնը Վրաստանի տեւական զարգացման մղիչ ուժը կը համարուի։

Ըստ Զալքալիանիի, Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքաշրջանային աննման սիներժի մը գոյութիւն ունի։ Մէկ կողմէ Ատրպէյճանի ուժանիւթի աղբիւրներուն ուղղեալ պահանջարկի բարձրացումով պայմանաւորուած հնարաւորութիւնները, իսկ միւս կողմէ Վրաստան-Թուրքիա տարանցիկ ներուժով Եւրոպայի շուկային յաւելեալ միջոցներ ապահովելու կարելիութիւնը աննման հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռեն։

Զալքալիանի բողոքով արտայայտուեցաւ Ռուսաստանի կողմէ Աբխազիոյ եւ Հիւսիսային Օսեթիոյ անկախութեան ճանաչման դէմ։ Անոնք միակողմանիօրէն անկախացած են Վրաստանէն։ Այդ երկու շրջանները բռնագրաւուած են։ Ռուս զինուորներու կողմէ իբր թէ որպէս սահման ուղղութիւններու ճշդուելուն դէմ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Զալքալիանի եւ աւելցուց. «Վրաստան 12 տարիէ ի վեր պատերազմի մէջ է։ Ռուսաստան շարունակ կը խախտէ հրադադարի համաձայնութեան պայմանները»։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020