ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ որոշուեցաւ 1 հոկտեմբերէն վերջ բանալ Թուրքիոյ համալսարանները։ Բարձրագոյն ուսուցման խորհուրդի նախագահ փրոֆ. Եքթա Սարաչ յայտնեց, որ համալսարանական համալիրներէ ներս ուսանողներու նօսրացման, շարժումի նուազեցման համար որոշում առնելու լայն հնարաւորութիւններ ընծայուած են համալսարաններու վերատեսչութիւններուն։ Թուրքիոյ մէջ անցում կը կատարուի դէպի խառն դրութիւն մը, որով թէ՛ երես առ երես եւ թէ հեռավար ուսուցումը նոյնաժամանակ պիտի կատարուի։

Մինչ այդ, Առողջապահութեան նախարարութիւնն ալ երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ 66 հազար 892 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1243 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 21 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 968։ Ներկայ դրութեամբ 647 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ նոր վարակեալներու թիւի բարձրացումը սկսած է դառնալ շարունակական։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը նախազգուշական միջոցներուն հնազանդելով օգնեն երկրի առողջապահութեան բանակին։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020