ԻՆՏՈՆԵԶԻԱՅԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ՓԱԿ՝ ՕՏԱՐ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ

Ինտոնեզիան մինչեւ 2020 թուականի վերջը սահմանները չի բանար զբօսաշրջիկներու առջեւ։ Այսպէս, Ինտոնեզիայի իշխանութիւնները օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու համար չեն բանար սահմանները առնուազն մինչեւ տարեվերջ: Երէկ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ծովային գործերու եւ ներդրումներու համակարգող նախարար Լուհուտ Պինսար Փանճաիթան, որ առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցած է երկրի Գործատուներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներու հետ։

«Կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է շեշտը դնել ներքին զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ՝ տնտեսութեան այդ հատուածի վերականգնման համար։ Իշխանութիւնները ընդհանուր ծաւալին գծով ներքին զբօսաշրջութենէն ներս մտադիր են հասնիլ առնուազն 70 տոկոս։ Իբր այդ ալ, կառավարութիւնը չի ծրագրեր այս տարի սահմանները բանալ օտարերկրացի զբօաշրջիկներու համար», ըսած է Փանճաիթան ու յաւելած. «Ինտոնեզիայի մէջ կ՚ապրին մեծ թիւով բարեկեցիկ քաղաքացիներ, որոնք կրնան իրենց աւանդը ներդնել զբօսաշրջութեան վերականգնման բնագաւառին: Մենք հաշուարկած ենք, որ շուրջ մէկ միլիոն ինտոնեզիացիներ ամէն տարի կը ճանապարհորդեն դէպի հարեւան Մալեզիա եւ Սինկափուր, ուր կը ծախսեն տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ։ Կառավարութիւնը կը փափաքի, որ այդ միջոցները ծախսուին երկրին մէջ»։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020