ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԲՆԱԿԱՐԱՆ

Շիքակոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, վաճառուած է ինքնատիպ բնակարան մը։ Ան ուշադրութիւն կը գրաւէ իր 1 մեթր լայնութեամբ։ Բնակարանը կը գտնուի Շիքակոյի Տիըրֆիլըլտ բնակավայրին մէջ, որու բնակիչները զայն նմանցնելով կարկանդակի շերտի՝ անուանած են «կարկանդակ-տուն»։

Այս ինքնատիպ բնակարանը վաճառուած է 260 հազար ամերիկեան տոլարով, որովհետեւ ան դարձած է զբօսավայրի մը։

Տունը կառուցուած է 2003 թուականին երկարաւուն հողատարածքի վրայ: Այդ թուականէն ի վեր ան տեղական զբօսաշրջային վայր դարձած է քաղաքի այցելուներու համար: Թէեւ 1 մեթր լայնութիւն ունին տան պատերը, սակայն ան վերածուած է բաւականին յարմարաւէտ բնակարանի մը։

Տան սեփականատէրը որոշ ժամանակ առաջ որոշած է վաճառել տունը ու անոր գնահատած է 339 հազար տոլար, սակայն աւելի վերջ նուազեցուցած է գինը եւ մէկ շաբաթ առաջ յաջողացած է վաճառել 260 հազար տոլարի: Մէկ յարկանի ինքնատիպ տունը կազմուած է երկու ննջասենեակէ, 2 լոգարանէ, ինչպէս նաեւ հիւրասենեակէ ու խոհանոցէ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020