ԽՆԱՅԵԼՈՎ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ ՀԱՑԱՀԱՏԻԿՆԵՐԸ

Աշխարհի բնակչութիւնը պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ ուտելիքի նկատմամբ խնայողական վարուելու։ Մանաւանդ վերջին քորոնաժահրի համավարակի օրերուն այս պայմանը ա՛լ աւելի ուշագրաւ կը դառնայ։ Նման կոչերով հանդէս կու գան աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներ, որոնցմէ մին է Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփին։ Ան երկրի բնակիչներուն յորդորած է վերջ դնել ուտելիքի վատնումի: Չինաստանի ղեկավարը յայտարարած է, որ «պարէնամթերքի նկատմամբ վատնումի երեւոյթը կը սարսափեցնէ ու կը վշտացնէ»:

Անոր խօսքով՝ թէեւ հացահատիկի արտադրութիւնը երկրին մէջ տարուէ տարի կ՚աճի, սակայն մշտապէս պայման է գիտակցիլ վտանգները պարէնային անվտանգութեան բնագաւառէն ներս։ Այս տարուան քորոնաժահրի համավարակի ազդեցութիւնը Չինաստանի համար դարձած է տագնապալի ազդանշան։

«Անհրաժեշտ է ամրապնդել օրէնսդրութիւնը, ուժեղացնել հսկողութիւնը, ձեռնարկել արդիւնաւէտ միջոցներ, ստեղծել երկարաժամկէտ աշխատանք եւ վճռականօրէն դադարեցնել պարէնամթերքի անտեղի ու աւելորդ վատնումները: Անպայման պէտք է քայլ առ քայլ ուժեղացնել քարոզչութիւնը, արդիւնաւէտօրէն չափաւորութիւն եւ խնայողութիւն պատուաստել ուտելիքի կապակցութեամբ, հասարակութեան մէջ ստեղծել ամօթի մթնոլորտ պարէնամթերքի վատնումի համար եւ հպարտութիւն՝ խնայողութեան համար», յայտարարած է Սի Ցինփին: Չինաստանի ղեկավարը միշտ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է պարէնային անվտանգութեան եւ հանդէս եկած է վատնումի դէմ ու խնայողութեան համար պայքարի նախաձեռնութեամբ: Սի Ցինփին տակաւին 2013 թուականին կանոնաւոր կերպով կարեւոր հրահանգներ կու տար՝ հանդէս գալով խիստ խնայողութեան եւ վատնումի հակազդելու կոչերով: Սակայն, հակառակ զանազան մակարդակներով կիրարկուող միջոցառումներուն, կերակուրներու կապակցութեամբ աւելորդ վատնում տեղի կ՚ունենայ բազմաթիւ վայրերու մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020