ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ ՈՎԿԻԱՆՈՍՆԵՐԸ

Ովկիանոսի մէջ ամենամեծ «աղբակղզին» հասած է Ֆրանսայի մակերեսին։ Մոլորակի վրայ ամենամեծ «աղբակղզին» իր մակերեսով համեմատելի է Ֆրանսայի հետ: Այս ցաւալի ու սարսափազդու իրավիճակին մասին ահազանգ հնչեցուցած են ովկիանոսի հետազօտող եւ պաշտան Ֆիլիփ Քուսթօ եւ իր կողակիցը՝ Աշլան Պրոք։ Ֆիլիփ Քուսթօ թոռն է՝ աշխարհահռչակ ովկիանոսագէտ եւ ճանապարհորդ Ժաք Իվ Քուսթոյի։

«Մենք հինգ հսկայական «աղբակղզիներ» ունինք ովկիանոսի մէջտեղը: Անոնք գոյացած են ովկիանոսային հոսանքներու առանձնայատկութիւններու պատճառով… Ովկիանոս կ՚իյնան կերպընկալէ (փլասթիք) իրեր՝ աշխարհի բոլոր կողմերէն: Ամենամեծ «աղբակղզին» կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսի մէջ: Մակերեսով ան աւելի մեծ է, քան Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգը։ Ան մակերեսով հաւասար է Ֆրանսային», ըսած է Պրոք։ Իսկ Ֆիլիփ Քուսթօ յայտնած է, որ աղբակղզիները բաղկացած են կերպընկալէ իրերէ, որոնք ովկիանոս կ՚իյնան գետերէ։

EarthEcho International բնապահպանական ֆոնտը, որու հիմնադիրը Ֆիլիփ Քուսթոն է, ամբողջ աշխարհէն երիտասարդներ կը ներգրաւէ, որպէսզի անոնք մաքրեն ու պահպանեն գետերը՝ կերպընկալային աղտոտ իրերէ։

Ո՞Վ Է ԺԱՔ ԻՎ ՔՈՒՍԹՕ

Մասնագիտութեամբ     կենդանաբան, ճանապարհորդ հետազօտող, սինեմաթոկրաֆ, նորարար, լուսանկարիչ, ովկիանոսագէտ, գրող, գիւտարար, բեմագիր, ծովային կենսաբան, ճարտարագէտ Ժաք Իվ Քուսթօ 1910 թուականի յունիս 11-ին ծնած է Ֆրանսա։

Քուսթօ տակաւին մանկութենէն հրապուրուած է ծովով, առաջին անգամ ծովի ջուրին մէջ սուզուելէ յետոյ, ան համոզուած է, որ ինք անբաժան է այդ աշխարհէն։

Իվ Քուսթօ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պայքարած է նաեւ ովկիանոսներու անաղարտութեան պահպանութեան համար։ Աշխարհ զինք կը ճանչնայ «Քափիթէն Քուսթօ» անունով։

Ան իր ուսումը ծովային դպրոցներու մէջ կատարելագործելէ վերջ, 1936 թուականին «Ժան Տարք» նաւով մեկնած է առաջին շուրջերկրեայ ճանապարհորդութեան։

1950 թուականին նորոգելով եւ սարքաւորումներով վերազինելով «Քալիփսօ» նաւը՝ ան կատարած է բազմաբնոյթ հետազօտութիւններ Ատլանտեան ովկիանոսի, Հնդկաց ովկիանոսի, Կարմիր ծովու, Սեւ ծովու, Արաբական ծովու ու Պարսից ծոցին մէջ։

Ան իր ուղեւորութիւններու հիման վրայ ունի բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ, գիրքեր ու շարժանկարներ։ Քուսթօ արժանացած է բազում պարգեւներու։ Ան մահացած է 1997 թուականի յունիս 25-ին, Ֆրանսայի մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020