ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԽԼԵՑ ԵՐԵՔ ԶՈՀ

Զուիցերիոյ մէջ սպանացի երեք զբօսաշրջիկներ զոհուած են փոթորիկի ժամանակ։ Այսպէս, Զուիցերիոյ հիւսիսին գտնուող Փֆեֆերսի բնակավայրի մօտակայքին փոթորիկի ժամանակ զոհուած են սպանացի երեք զբօսաշրջիկներ, իսկ մէկը անհետ կորսուած է:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, զբօսաշրջիկները կը զբաղէին քանիոնինկ մարզաձեւով՝ առանց լողամիջոցներ օգտագործելու քանիոններու յաղթահարմամբ, երբ օգոստոսի 12-ի երեկոյեան սկսաւ փոթորիկը: Երբ տարերքը նահանջած է, վայր ժամանած են փրկարարները, որոնք կրցած են գտնել զոհուածներու դիակները։ Չորրորդ զբօսաշրջիկի որոնումները կը շարունակուին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020