ՓՈՒԹԻՆԻ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄՆԵՐԸ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքը կը համարէ Մոսկուայի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ վերջին օրերուն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ աշխարհի ներկայ իրավիճակը՝ մասնաւորապէս, նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքէն ներս։ Փութին այս առթիւ ըսաւ.

«Կը խօսինք աշխարհի վրայ տիրող իրավիճակի մասին, շեշտը դնելով յետխորհրդային տարածքի վրայ, հաշուի առնելով, որ այնտեղ կան մեր հարեւանները, մեր դաշնակիցները։ Որպէս կանոն՝ մեր շահերը թէ՛ տնտեսական եւ թէ քաղաքական, նաեւ այլ շատ առումներով կը համընկնին։ Անկասկած, սա մեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մին է»։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020