ՄԵԾԱՐԵԼՈՎ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵԳԱԿԻՆ ՆՈՐ ԽՈՐԱՆԸ

Նոր խորանիդ արեգականն արդարութեան
նոր օրհնութիւն տացուք.
եւ անդադար բարեբանեսցուք։
(Մեծացուսցէ Շարական Նոր Կիրակիի)

Հին եւ նոր. երկու հականիշ բառեր, որոնք անբաժանելիօրէն կապուած են իրարու Աստուածաշունչ Մատեանի ամբողջականութեանը մէջ։ Սուրբ Գիրք ընթերցողներու համար անծանօթ չեն այն երկու գլխաւոր բաժինները, որոնք կ՚որակուին այս երկու ածականներով. Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան։ Առաջինը կը հասնի մինչեւ Քրիստոս, իսկ երկրորդը՝ կը սկսի Քրիստոսով։ Նոր բառին իմաստը թաքնուած է մեր կեանքի օրերու իւրաքանչիւր երկվայրկեանին մէջ եւ կը յայտնուի ակնթարթի մը տեւողութեամբ, երբ մեր մարմնի բջիջները անզգալաբար եւ անտեսանելիօրէն կը նորոգուին, ապահովելով աստուածապարգեւ կեանքի շարունակականութիւնը։ Նորը եւ նորոգուելու գաղափարը անբաժան է բոլորէս, որքան ատեն որ ի կեանս ենք, կ՚ապրինք։ Նորը այն աստիճան անբաժան է մեր իրականութենէն, քանի որ երկրաւոր կեանքի վախճանի պահուն կը բացուի նոր շրջան մը՝ որ է յաւիտենական կեանքը։

Տիեզերքի պատմութեան մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը մեղքով ապականած եւ ինկած մարդկութիւնը վերստին բարձրացնելու համար Տէր Աստուծոյ մշակած նոր ծրագրի իրականացման մէջ ունեցաւ իր կարեւոր տեղը, որպէս՝ նոր Եւան, փոխարինելու համար հին Եւան, մեր նախամայրը։

Երբ կը բաղդատենք հին եւ նոր Եւաները, մէկ կողմէն կը տեսնենք այս աշխարհի իշխան՝ սատանային առաջարկէն հրապուրուած ու այդ առաջարկին ընդառաջելով մեղանչած հին Եւան՝ մեր նախամայրը. իսկ միւս կողմէն՝ նոր կեանքի Պարգեւիչը ծննդաբերած նոր Եւան, դուստրը՝ Յովակիմի եւ Աննայի։ Մէկ կողմէն կը տեսնենք հին Եւայի հրապուրանքին պատճառաւ տարածուած մեղքի թոյնին մահասփիւռ գարշահոտութիւնը, որպէս՝ մահուան անէծք. իսկ միւս կողմէն՝ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեամբը Աստուծոյ երկիւղով, բարեպաշտութեամբ եւ հաւատարմութեամբ լեցուն կեանք մը վարած նոր Եւան, որպէս լուսաւոր փարոս։ Այս փարոսի լոյսի ակը ոչ թէ մարդկային ձեռքն էր եւ կամ աշխարհիկ նիւթեղէնը, այլ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով «մարմնացաւ, մարդացաւ, կատարելապէս ծնաւ» անշիջանելի Ճշմարիտ Լոյսը՝ Քրիստոս։

«Նոր խորանիդ արեգականն արդարութեան նոր օրհնութիւն տացուք». Հայ Եկեղեցւոյ պաշտամունքային դրութիւնը հարուստ է Աստուածամօր ընծայուած, անոր սրբասնունդ կեանքը մեծարող շարականներով։ Նոր Եւան՝ Սուրբ Կոյսը կը ներկայացուի որպէս «նոր խորան՝ Արդարութեան Արեգակին»։ Հին Կտակարանի մէջ Վկայութեան Խորանը պաշտամունքի համար յատկացուած այն ընդարձակ սրբատեղին էր, որուն շինութիւնը իրագործուած էր Աստուծոյ կողմէ Մովսէսի տրուած հրամանաւ, նաեւ շինութեան առընչութեամբ եղած աստուածային ցուցմունքերով. «Ինծի սրբարան մը թող շինեն, որպէս զի իրենց մէջ բնակիմ։ Խորանին օրինակը եւ անոր բոլոր կարասիներուն օրինակը, բոլոր քեզի ցուցուցածիս պէս, ճիշդ այնպէս շինեցէք» (Ելից, 25.8-9)։ Խորան բառը, կը նշանակէ վրան կամ տաղաւար, որուն իմաստը արժանաւորապէս պատշաճած է Սուրբ Կոյս Մարիամի մարմնին։ Յետ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին բերած աւետիսի ընկալման ու զայն ընդունելու ուղղութեամբ ցուցաբերած պատրաստակամութեան, Սուրբ Կոյս Մարիամի մարմնին մէջ տաղաւարեցաւ Աստուծոյ Խօսքը. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղուկաս, 1.38)։ «Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց», որպէս ականատեսը Աստուծոյ կամքին իրագործման ուղղութեամբ Մարիամի ցուցաբերած կամաւոր գործակցութեան։

Եւ Սուրբ Կոյսը պիտի արժանանար իր ազգական Եղիսաբէթի բերնով արտայայտուած երանութեան եւ մարգարէութեան. «Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին» (Ղուկաս, 1.45)։ Մեր նախածնողքը, Ադամը եւ Եւան գործուած մեղքի պատճառաւ կը մերկանային սրբութենէն ու իրենց մերկութիւնը տեսնելով կը փախչէին Տիրոջ ձայնը լսած ըլլալով (Ծննդոց, 3.7-9)։ Նոր Եւան՝ Սուրբ Կոյսը իր մարմնին մէջ կրեց Սուրբ Հոգիով մարմնացած Արդարութեան Արեգակը, դառնալու համար Անոր ծագման արեւելքը։ Այս տարբերութիւնն իսկ բաւարար է, հաւատքով մօտենալու այս մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին ու հասկնալու, ըմբռնելու եւ ընկալելու համար անոր խորիմաստ արժանիքը, դուրս գալու համար խաւարէն դէպի լոյս։

Աստուած, մեր Երկնաւոր Հայրը, Իր անսահման գթութեամբը, ողորմութեամբը եւ մարդասիրութեամբը մշակած էր փրկագործութեան խորհրդաւոր ծրագիր մը, որուն մէջ կարեւոր ու անուրանալի դեր մը ունեցաւ Սուրբ Կոյսը։ Երբ Աստուած «յարմար ժամանակը հասած համարելով Իր Որդին աշխարհ պիտի ղրկէր» (Գաղատացիս, 4.4), ընտրեց Մարիամը, որ իր ազգական Եղիսաբէթի բառերով «օրհնեալն էր կիներուն մէջ»։ Ան, յանձն առաւ զոհողութիւն մը, որով ոչ միայն արժանացաւ մայրութեան, այլ նաեւ ամենակարեւորը Տիրամայր կոչումին։ Տիրոջ մայրը, իրեն հասած աւետիսին գծով հաւատացած էր, թէ իրմէ ծնանելիքը «մեծ պիտի ըլլար ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուէր։ Տէր Աստուած անոր պիտի տար իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէր։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենար» (Ղուկաս, 1.32-33)

Նոր Եւայէն աշխարհ եկած Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, իր առաքելութիւնը հիմնաւորեց նորոգութեան գաղափարին վրայ։ Քարոզութեան սկսած առաջին իսկ մէկ օրէն շեշտած էր նորոգութեան գաղափարը. «Մի՛ կարծէք թէ եկայ Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու» (Մատթէոս, 5.17)։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Սուրբ Աւետարանի այս բառերուն թարգման կը հանդիսանայ դիմելով Փրկչին, շեշտադրելով Իր առաքելութեան հիմնական սկզբունքը, որ էր «զհինն ի նորս փոխել, զըստուերն ի լոյս ճշմարտել. հինը նորի փոխել, ստուերը լոյսի դարձնել» (երգ՝ Աւագ Ուրբաթի)։

Քրիստոս, Վերջին ընթրիքի սեղանին վրայ հացը առնելով ըսաւ. «Առէք, կերէք, ասիկա իմ մարմինս է». նաեւ բաժակը առնելով ըսաւ. «Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար» (Մատթէոս, 26.26-28)։ Քրիստոս այս բառերով հաստատեց Նոր Ուխտի անարիւն զենման քահանայութիւնը, փոխան արիւնոտ զոհեր մատուցող Հին Ուխտի քահանայութեան։ Քրիստոս, տուիչն է նաեւ սիրոյ նոր պատուիրանին, երբ նոյն սեղանին վրայ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. սիրեցէք իրար։ Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք։ Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յովհաննէս, 13.34-35)։

Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ Քրիստոսով «նոր արարած ըլլալու» կարեւորութիւնը (Գաղատացիս, 6.15)։ Քրիստոս, հրաշալի պայմաններու ներքեւ «մարմնացաւ եւ ծնաւ կատարելապէս Սուրբ Կոյս Մարիամէն», անմեղ էր եւ մեղքը չէր գիտեր, ըլլալով «միակ Արդարը»։ Այս հանգամանքը ապահովեց, որ մարդիկ Իրեն հաւատալով «նոր ստեղծուած» ըլլալու առիթը ունենան։ Քրիստոսով ամէն ինչ նոր եղաւ եւ այդ իրագործուեցաւ Հօր Աստուծոյ կամքով։ Աստուած, Հին Կտակարանի մէջ ընդգծած էր նորոգուելու կարեւորութիւնը, որուն մասին կը կարդանք Եսայեայ մարգարէութեան մէջ. «Առաջուանները մի՛ յիշէք ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։ Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի»։ …Դուն նոր անունով պիտի կոչուիս, որ Տէրոջը բերանը պիտի անուանէ» (43.19 եւ 62.2)։ Աստուած խոստացած էր «մաքուր ջուր սրսկել մարդկութեան վրայ, որպէսզի մաքրուէին. նաեւ՝ զանոնք մաքրել բոլոր պղծութիւններէն ու բոլոր կուռքերէն. իրենց տալ՝ նոր սիրտ մը ու անոնց ներսիդին դնել՝ նոր հոգի մը. անոնց մարմիններէն հանել՝ քարեղէն սիրտը ու տալ՝ մարմնեղէն սիրտ մը. անոնց ներսիդին դնել՝ Իր Հոգին, որպէսզի քալեն Իր օրէնքներուն մէջ, պահեն Իր իրաւունքները ու գործադրեն զանոնք» (հմմտ.Եզեկիէլ, 36.25-27)։

Կը հետեւինք Պօղոս առաքեալի խօսքին. «Աստուած ինքն էր որ Քրիստոսի միջոցաւ աշխարհը հաշտեցուց իրեն հետ, անյիշաչար գտնուելով մարդոց մեղքերուն հանդէպ եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց» (Բ.Կորնթացիս, 5.19)։

Այսօր Սուրբ Կոյս Աստուածամօր՝ նոր Եւայի ննջման եւ երկինք վերափոխման տաղաւարն է։ Առաքելական բոլոր հին եկեղեցիները Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը յիշատակելու համար տօնակատարութեան յատուկ օրեր սահմանած են։ Աստուածամայրը, ըլլալով թագուհի ամենայն սրբոց, արժանացած է, կ՚արժանանայ ու յաւիտեանս յաւիտենից պիտի արժանանայ մեծարանքի։ Անոր ննջման եւ երկինք վերափոխման տաղաւարը առիթ մըն է վերյիշելու Աստուծոյ մշակած ծրագրին իրագործման ուղղութեամբ իր ցուցաբերած հաւատաւոր գործակցութիւնը, վասն վերանորոգման մեղաւոր մարդկութեան կեանքին։ Ննջած եւ տապանի մէջ դրուած Աստուածամօր մարմինը երկինք վերափոխուեցաւ, իբրեւ նշանը յաչս Աստուծոյ գնահատելի նկատուած իր հաւատաւոր կենցաղին։ Իր արտասանած մեծ «Եղիցի»ն անկիւնաքար մը եղաւ, որով անգամ մը եւս յայտարարուեցաւ անուրանալի ճշմարտութիւն մը, որ է «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ»։ Մարդկային մտածողութեամբ անկարելին, կարելի դարձաւ, որպէսզի մարդիկ կարելիութիւնը ունենան վայելելու Աստուծոյ կենարար Խօսքին ներկայութիւնը։

Ընթեռնելով վերանորոգուելու եւ նոր մարդ ըլլալու մասին Սուրբ Գիրքի կենարար խօսքերը, անգամ մը եւս յիշենք մեր փրկութեան սիրոյն Աստուծոյ ցուցաբերած սէրը, սրբազան շարականագիրին հետ ուխտենք «Արդարութեան Արեգակի նոր խորանին նոր օրհնութիւն տալ եւ անդադար բարեբանել զԱյն», խնդրելով Իր բարեխօսութիւնը։ Յիշենք, որ Ան «Մայրն է Ստեղծողին եւ հնացած պատկերը նորոգողին ու ժողովուրդներ երանի կու տան Իրեն»։ Նոյն հաւատքով դիմենք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ըսելով. «Մայր սուրբ բարեխօսեա եւ աղաչեա վասն անձանց մերոց առ Որդիդ քո Միածին, փրկել զմեզ ի փորձութենէ եւ յամենայն վտանգից մերոց»։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Օգոստոս 2021, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 14, 2021