ՈՒՐՈՒԿԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Բանակցութիւններու առընթեր, Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հիւր նախարարը կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Պուսթիժօ կեցութեան ընթացքին կ՚այցելէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր զինքը կը հիւրընկալէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Շաբաթ, Օգոստոս 14, 2021