ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԵՐԵՔ ՊԱՅՄԱՆ

Թուրքիա-Սուրիա հաւանական բնականոնացումը կը շարունակէ զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ այս շրջանին կը սպասուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներու։ Մինչ այդ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր յայտարարեց, որ Թուրքիա-Սուրիա շփումները յառաջ կրնան տարուիլ նախարարներու մակարդակին վրայ։ Անգլիական «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան շեշտեց, որ Թուրքիան Սուրիոյ տարածքէն ներս իր զօրքերը ետ քաշելու համար ունի կարգ մը պայմաններ։

Նախարար Եաշար Կիւլէրի խօսքով՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ ժողովներ կրնան կազմակերպուիլ՝ նախարարներու մասնակցութեամբ պատուիրակութիւններով, փոխադարձ համաձայնեցուելիք վայրերու մէջ, ինչպէս աւելի առաջ եղած է Մոսկուայի մէջ։ Ըստ իրեն՝ Թուրքիոյ զօրքերու Սուրիայէն դուրսբերման համակարգումը քննարկելու համար գոյութիւն ունի երեք նախապայման։

Առաջինը՝ Սուրիոյ մէջ նոր սահմանադրութիւն մը պէտք է ընդունուի։ Երկրորդը՝ Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններ պէտք է կազմակերպուին։ Եւ երրորդը՝ Թուրքիոյ սահմանի ամբողջ երկայնքի անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուի Սուրիոյ կողմէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2024