«ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ՎՏԱՆԳՆԵՐԷՆ ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ ԱՊՐԻԼ»

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­ր Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի կար­ծի­քով՝ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (Ի­ՇԻՊ) վտան­գը սպառ­նա­լիք է ո՛չ միայն Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րուն, այլ նաեւ՝ հա­մայն աշ­խար­հին հա­մար: Նա­խա­րա­րը նման կար­ծիք յայտ­նած է Ե­րե­ւա­նի մեր աշ­խա­տա­կից Սա­գօ Ա­րեա­նին, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին հա­մար տրուած բա­ցա­ռիկ հար­ցազրոյ­ցին ըն­թաց­քին: Նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան նաեւ յոյս յայտ­նեց, որ կով­կա­սեան տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րը կը գի­տակ­ցին պա­հուն լրջու­թիւ­նը եւ ըստ այնմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու կը ձեռ­նար­կեն: Խօ­սե­լով ար­ցա­խեան հիմ­նախնդ­րի շուրջ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մա­սին՝ Կա­րէն Միր­զո­յեան նշեց, որ այ­սօ­րուան բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը յայտ­նուած է ո­րոշ դա­տար­կու­թեան մը մէջ եւ այդ դա­տար­կու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է Ատր­պէյ­ճա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուվ: «Ատրպէյ­ճան ա­մէն ան­գամ հան­դէս կու գայ սադ­րանք­նե­րով եւ կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած ո­րե­ւէ ա­ռա­ջար­կ», ը­սաւ նա­խա­րա­րը, շեշ­տե­լով, որ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան է եւ այդ մէ­կը կը նպաս­տէ, որ խնդրին շուրջ առ­կայ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րը ո­րոշ դա­տար­կու­թեան մէջ յայտ­նուին: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը այս ա­ռու­մով կա­րե­ւոր հա­մա­րեց Ղա­րա­բա­ղը որ­պէս հա­կա­մար­տու­թեան լիար­ժէք կողմ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: «Բնա­կա­նա­բար ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հա­մար շատ կա­րե­ւոր է, որ Ղա­րա­բաղ ուղ­ղա­կիօ­րէն եւ լիար­ժէք կող­մի հան­գա­ման­քով մաս­նակ­ցի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու­ն», շեշ­տեց նա­խա­րա­րը յա­ւե­լե­լով նաեւ, որ Ղա­րա­բա­ղի ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րուն հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման գլխա­ւոր բա­նա­լին կը հա­մա­րուի եւ այդ մա­սին գի­տեն հիմնախնդ­րին լուծ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն հսկող հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը: Կա­րէն Միր­զո­յեան նշեց, որ Ղա­րա­բաղ 1998 թուա­կա­նէն ի վեր որ­պէս պաշ­տօ­նա­կան կողմ չի մաս­նակ­ցիր այդ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն եւ յոյս յայտ­նեց, որ բաց­թո­ղու­մը շու­տով կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ լրաց­նել:

Ան այս ա­ռու­մով յի­շե­ցու­ց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան կե­ցուածք­նե­րը յստակ են եւ ի­րենք պատ­րաստ են այդ կե­ցուածք­նե­րը սե­ղա­նի վրայ դնել ա­մէն պա­րա­գա­յի:

Խօ­սե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­կա­ռու­ցո­ղա­կան կե­ցուածք­նե­րուն մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ դա­տա­պարտ­ման մա­սին՝ Կա­րէն Միր­զո­յեան ը­սաւ, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը լաւ գի­տէ, թէ ո՛վ է բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րուն հիմ­նա­կան պա­տուար հան­դի­սա­ցող կող­մը: «Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը բա­նակ­ցա­յին գոր­ծը­նթաց­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ի­րենց ու­նե­նա­լիք չէ­զոք դիր­քե­րէն մեկ­նե­լով կը փոր­ձեն լուռ մնալ Ատր­պէյ­ճա­նի կե­ցուածք­նե­րուն ա­ռըն­թե­ր», ը­սաւ Կա­րէն Միր­զո­յեան: Ղա­րա­բաղ­ի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը նշեց, որ շատ դրա­կան պի­տի ըլ­լայ ե­թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը բա­ցա­յայտ կեր­պով մատ­նա­ցոյց ը­նեն Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան կե­ցուածք­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ այդ կերպ ա­ւե­լի հեշտ պի­տի ըլ­լայ խնդրի լուծ­ման հա­մար նոր ձե­ւա­չա­փե­րու մա­սին մտա­ծե­լը: «Ատր­պէ­յ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւս գի­տեն, որ ի­րենց ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան կե­ցուածք­նե­րը ոչ մէկ կեր­պով կրնան նպաս­տել խնդրի լուծ­ման, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կն, ի­րենք այս վար­մուն­քով բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը կը տա­նին փակ պա­տե­րու», ը­սաւ ան:

Պա­տաս­խա­նե­լով ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հար­ցու­մին այն մա­սին, թէ որ­քա­նո՞վ լուրջ են այն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, թէ Ի­ՇԻՊ-ի վտան­գը կը սպառ­նայ ո՛չ միայն Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւե­լքի եր­կիր­նե­րուն, այլ նաեւ՝ Կով­կա­սին ու յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նին ու Ղա­րա­բա­ղին, նա­խա­րար Միր­զո­յեան ը­սաւ. «Այ­սօ­րուան պայ­ման­նե­րուն մէջ ոչ մէկ կողմ կամ եր­կիր զերծ է Ի­ՇԻՊ-ի վտանգ­նե­րէն: Այդ վտանգ­նե­րէն զերծ չեն նաեւ Հա­յաս­տանն ու Ղա­րա­բա­ղը»։ Նա­խա­րա­րը անդ­րա­դար­ձաւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սէ ներս ա­պա­հո­վու­թեան ա­մուր փոխ­գոր­ծա­կու­թեան ու ը­սաւ. «Յատ­կա­պէս Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եր­կիր­նե­րը պէտք է ստեղ­ծեն ա­պա­հո­վա­կան ա­մուր փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան ծա­ւա­լով յա­տուկ մար­մին մը՝ Ի­ՇԻՊ-ի կամ այլ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու վտանգ­նե­րէն զերծ մնա­լու հա­մա­ր»: Այս կէ­տին վրայ եւս նա­խա­րա­րը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի դրսե­ւո­րած ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը կը խա­փա­նեն նման մարմ­նի մը ստեղ­ծու­մը: «Շրջա­նին մէջ ընդ­հա­նուր անվ­տան­գու­թեան բարձ­րա­ցու­մը կը նպաս­տէ, որ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եր­կիր­նե­րը զերծ մնան ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու վտանգ­նե­րէ­ն», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։ «Ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հին մէջ ոչ մէկ եր­կիր կրնայ մե­կու­սա­ցած ապ­րիլ եւ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կրնայ լա­ւա­գոյնս ամ­րաց­նել եր­կիր­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը եւ ա­նոնց­մէ հե­ռու պա­հել ա­հա­բեկ­չու­թեան վտան­գը, որ այ­սօր դար­ձած է հա­մընդ­հա­նուր վտան­գ», յի­շե­ցուց Կա­րէն Միր­զո­յեան:

Նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին տե­ղեկ­ցու­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 17-19 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Ար­ցա­խի մէջ պի­տի նշուի «Ֆրան­սա­յի օ­րե­ր Ար­ցա­խի մէջ» փա­ռա­տօ­նը: Ան ը­սաւ, որ Ար­ցա­խի եւ Ֆրան­սա­յի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նին շատ ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ այդ կա­պե­րը եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ բա­րե­կա­մու­թեան սերտ­աց­ման կը ծա­ռա­յեն: Անդ­րա­դառ­նա­լով մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն՝ Կա­րէն Միր­զո­յեան ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ամ­պիո­նէն յայտ­նեց, որ սոյն մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն հա­մար Ար­ցախ պի­տի ժա­մա­նեն ֆրան­սա­ցի մեծ թի­ւով հիւ­րեր: Միր­զո­յեան նաեւ յայտ­նեց, որ Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նը պի­տի տե­ղադ­րուի հայ-ֆրան­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­նիշ հան­դի­սա­ցող քան­դակ մը, որ գործն է ֆրան­սա­հայ ա­նուա­նի քան­դա­կա­գործ՝ Թո­րո­սի: Ա­պա նոյն վայ­րին մէջ պի­տի կա­տա­րուի հիմ­նար­կէ­քը մօ­տիկ ա­պա­գա­յին բա­ցուե­լիք «Ֆրան­քո­ֆո­ն» կեդ­րո­նին, որ կը կրէ ֆրան­սա­ցի ա­զա­տա­տենչ բա­նաս­տեղծ Փոլ Է­լիուա­րին ա­նու­նը: Նա­խա­րար Միր­զո­յեան նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ, որ այդ օ­րե­րուն Շու­շիի մէջ բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րուի ֆրան­սա­հայ բա­րե­րար «Եզ­նիկ Մո­զեա­նի ա­նուան ար­հես­տա­գի­տա­կան կեդ­րո­ն­»ին, ո­ր պի­տի կա­ռու­ցուի «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի Ֆրան­սա­յի մաս­նա­ճիւ­ղին ջան­քե­րով: Նա­խա­րա­րը  յի­շե­ցուց նաեւ, որ այդ օ­րե­րուն Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը կ՚ընդգր­կէ Ար­ցախ-Ֆրան­սա բա­րե­կա­մու­թեան ընդ­հա­նուր ո­լորտն ու գա­ղա­փա­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015