ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
ՆԱԹՕ-ի Զինուորական կոմիտէի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն տարեկան հաւաքը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած հաւաքին բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար։ Բացման հանգրուանին արտայայտուեցաւ նաեւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վարչապետը այս առթիւ ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պէտք է պայքարիլ ուս ուսի։ Ըստ իրեն, որեւէ կրօնի, մշակոյթի կամ ազգային տարբերութիւն չի կրնար օրինականացնել ահաբեկչական գործունէութիւնը։ Հետեւաբար, միասնաբար պէտք է պայքարիլ ամէն տեսակ ահաբեկչութեան դէմ։ Վարչապետը ընդգծեց, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ կատարուած օդային գործողութիւնները լուրջ ազդեցութիւն ունին այդ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ոչնչացման տեսանկիւնէն։ Ան դիտել տուաւ, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ այս պայքարը։ Ան շեշտեց նաեւ, թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ զանազանութիւններ պիտի չդրուին։ «Թուրքիոյ մէջ եթէ ձեր երեսը դարձնէք դէպի հարաւ, ապա կը տեսնէք Սուրիան եւ Իրաքը, հիւսիսին՝ Ուքրայնան, Կովկասէ ներս Վրաստանի հաւանական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ Պալքաններու բազմաթիւ ռիսքերը։ Այս պատճառով պէտք է միշտ սթափ գտնուիլ», ըսաւ Տավուտօղլու եւ աւելցուց, թէ այս բոլորը սպառնալիքներ կը համարուին ոչ միայն ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիոյ համար, այլ՝ նոյնինքն դաշինքին եւ Եւրոպայի տեսակէտէ։ Տավուտօղլու յիշեցուց, որ Թուրքիա կը յարգէ իր պատասխանատուութիւնները, ինչպէս ըրած էր Աֆղանիստանի մէջ, եւ այս դիրքորոշումը պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան կամ կայունութեան սպառնացող գործօններուն դէմ։
ՆԱԹՕ-ի Իսթանպուլի ժողովներուն ընթացքին զօրավար Հուլուսի Աքարն ալ ընդգծեց, որ եթէ ճիշդ ժամանակին միջամտութիւններ չկատարուին, ապա Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւնները կրնան ապակայունութիւն յառաջացնել ամբողջ տարածքաշրջանէն ներս։ Աքար ընդգծեց նաեւ, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ պայքար մղել ՓՔՔ-ի դէմ, որ կը սպառնայ տարածքաշրջանային անվտանգութեան։ Իր խօսքերով, Թուրքիա կը գտնուի երեք ճգնաժամերու հարեւանութեամբ. ինչպէս՝ Սուրիա, Իրաք եւ Ուքրայնա։ ՆԱԹՕ-ի հարաւային եւ արեւելեան թեւերուն մօտ յառաջացած այս սպառնալիքները ազդեցութիւն կը գործեն ոչ միայն տարածքաշրջանին, այլ նաեւ՝ կլոպալ անվտանգութեան միջավայրին վրայ։
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ի Եւրոպայի դաշնակից զօրքերու բարձրագոյն հրամանատար զօրավար Ֆիլիփ Պրիտլաւ յայտնեց, թէ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխի տարողութիւնը կրնայ բարձրացուիլ։