ՀԻՆԳ ՈՍՏԻԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ

Շա­բա­թա­վեր­ջին ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան, ցաւ յա­ռա­ջաց­նե­լով ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Շըր­նա­քի եւ Տիար­պա­քը­րի մէջ կա­տա­րուած յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ե­րեք ոս­տի­կան նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած ա­րարք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով կան նաեւ վի­րա­ւոր­ներ։

Շըր­նա­քի մէջ ոս­տի­կան­ներ նա­հա­տա­կած եր­կու ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ար­դէն անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ չէ­զո­քա­ցուած են։ Շրջա­նէն ներս կը շա­րու­նա­կուին լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015