ՈՒԺԵՐՈՒ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ

Շա­բա­թա­վեր­ջին մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան հեր­թա­կան հա­մա­գու­մա­րը։ Նո­յեմ­բե­րի 1-ին կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ այս ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մին հա­մա­րուե­ցաւ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը թար­մա­ցած ու­ժե­րով պի­տի դի­մա­ւո­րէ նա­խընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը։

Կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն եւ հա­զա­րա­ւոր հա­մա­կիր­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ գու­մա­րուե­ցաւ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու դի­ւա­նի նա­խա­գահն էր Պե­քիր Պոզ­տաղ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խորդ նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւ­լի կող­մէ ու­ղարկո­ւած էր պատ­գամ մը, որ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին։ Քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը կա­րե­ւոր ի­մաստ կը վե­րագ­րեն Կիւ­լի կող­մէ փո­խան­ցուած այս պատ­գա­մին եւ մա­նա­ւանդ իր բա­ցա­կա­յու­թեան՝ կու­սակ­ցու­թեան տե­սա­կէ­տէ ճա­կա­տագ­րա­կան ներ­կայ հանգ­րուա­նին։

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ու վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ ծա­ւա­լուն ե­լոյ­թով մը։ Ան 1353 վա­ւե­րա­կան քուէ­նե­րէն բո­լո­րը ստա­նա­լով միա­ձայ­նու­թեամբ վե­րընտ­րուե­ցաւ կու­սակ­ցա­պետ։ 50 հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ կու­սակ­ցու­թեան խոր­հուրդն ալ ընտ­րուե­ցաւ հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քին։ 31 նոր դէմք մաս կազ­մեց խոր­հուր­դին։ Քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը կը մատ­նան­շեն, թէ այս նո­րըն­տիր խոր­հուր­դի բո­լոր ան­դամ­նե­րը կը դա­սուին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի վստա­հե­լի­նե­րու շար­քին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015