ՏԷՎԷՃԵԱՆԻ ՈՒՐՈՅՆ ԽՕՍՔԸ
Ֆրանսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքին մասին։ Անցեալի մէջ նախարարի պաշտօն ալ վարած Տէվէճեան Գերմանիոյ դիրքորոշման անդրադառնալով ըսաւ. «Առին մեր հրեաները ու մեզի տուին արաբները»։
Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն նացիներուն հետ համագործակցած Վիշիի կառավարութիւնը Ֆրանսայի հրեաները յանձնած էր Գերմանիոյ։ Այդ եղելութեան անդրադառնալով Տէվէճեան մեկնաբանած է Գերմանիոյ մօտեցումը այժմու գաղթականաց հարցին շուրջ, քանի որ այդ մէկը կը պարտադրուի Եւրոմիութեան երկիրներուն։
Տեղական մամուլին մօտ ալ արձագանգ գտած են Տէվէճեանի խօսքերը, որոնց մէջ ան ըսած է, թէ երգիծական երանգով իր արտայայտութիւնները նենգափոխուած են։