ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Տա­ճի­կիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Տու­շան­պէ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը մաս­նակ­ցի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Տու­շան­պէի մէջ Հա­յաս­տան կը ստանձ­նէ ՀԱՊԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։

Հարկ է նշել, որ Տու­շան­պէի մէջ զու­գա­հե­ռա­բար տե­ղի կ՚ու­նե­նան ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ անվ­տան­գու­թեան խոր­հուրդ­նե­րու քար­տու­ղար­նե­րուն հա­մա­տեղ նիս­տը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015