ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԸ ԽԱԽՏԱԾ ՈՒՄՈՒԹ ԱԼԻ ԷՕԶՄԷՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր արձագանգ կը հանդիսանայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէնի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, ան միջոց մը առաջ Կարսի շրջանէն խախտած էր Հայաստանի սահմանը։ Ումութ Ալի Էօզմէն ձերբակալուած էր Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերուն կողմէ եւ յանձնուած՝ երկրի իրաւապահ մարմիններուն։ Իր մօտ յայտնաբերուած էին սահմանամերձ գօտիէն որոշ տեսագրութիւններ։

Թերթը այսօր կը հաղորդէ 16-ամեայ Ումութ Ալի Էօզմէնի հօր՝ Մուսթաֆա Էօզմէնի խօսքերը, ըստ որոնց, 24 յուլիսին ան արածուած անասունները առնելու պիտի երթար։ Այդ ընթացքին, երբ որ կը հասնի սահմանամերձ բլուրի մը՝ չզսպելով իր հետաքրքրութիւնը կը խախտէ Հայաստանի սահմանը։ Կարսի Առողջապահական գիտութիւններու լիսէի աշակերտ Ումութ Ալի Էօզմէն կրնայ նաեւ գրաւի բռնուած ըլլալ իր ընկերներուն հետ՝ սահմանը անցնելու հարցին շուրջ։ Այս վարկածին անդրադարձած է նաեւ Կարսի կուսակալ Ռահմի Տողան։ Ենթակայի հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէն Հայաստան մեկնելով տեսակցած է իր որդւոյն հետ։ Ան հօրը յայտնած է, որ բանտի մէջ երկու անգամ ծեծի ենթարկուած է պաշտօնեաներու կողմէ։ Հայրը հաղորդած է նաեւ, որ որդւոյն հետ շաբաթը երկու անգամ հեռաձայնով կը տեսակցի։ Մուսթաֆա Էօզմէն նշած է նաեւ, որ իր որդին յաջող աշակերտ մըն է ու կը պահանջէ ժամ առաջ անոր յանձնուիլը։ Դարձեալ հօրը խօսքով՝ յայտնի է, որ տղան Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի է եւ իր վրայ գտնուած է անձնագիր։ Ատով հանդերձ երկու ամիսէ ի վեր սպասման վիճակ մը կը շարունակուի։ Հայրը նշած է ընտանիքի նեղութիւնը եւ ընդգծած է, որ որդին ծեծի կ՚ենթարկուի։ Հօրեղբայրը՝ Էսատ Էօզմէնն ալ նշած է, որ դիւանակալութիւնը դանդաղ կը բանի։ Թիֆլիզի թրքական դեսպանութիւնը արդէն երկրորդ անգամ վերջնագիր ներկայացուցած է, սակայն տղան չի կրնար վերադառնալ, որովհետեւ գործընթացը շատ դանդաղ կը յառաջանայ։

Կուսակալ Ռահմի Տողան յայտնած է, որ անմիջականօրէն հետամուտ է այս դէպքին։ Ըստ իրեն, իրականութեան մէջ սահմանի նման խախտումներու պարագային խնդիրները հարթ ձեւով կը լուծուին տեղական իշխանութիւններու միջեւ։ Սակայն, այս պարագային, հայկական կողմը կը պնդէ, որ սահմանամերձ շրջանի տեսագրութիւններ յայտնաբերուած են։ Ըստ կուսակալին, այս պատաճառով խնդիրը այլ հարթութեան մը վրայ տեղափոխուած կրնայ ըլլալ։ Մեզի յայտնեցին, որ դիւանագիտական ճանապարհով լուծել կը փափաքին։ Կուսակալ Տողանի խօսքով՝ այս պատճառով դիմած են Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Ինթերփոլ, սակայն տակաւին պատասխանի մը կը սպասուի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018