ԼՈՒՐՋ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը։ Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի երրորդ ժողովը գլխաւորեցին երկու ղեկավարները։ Այս առթիւ նախագահները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Էրտողան յայտարարեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին երկկողմանի օրակարգի բոլոր խնդիրները արժեւորուած են անկեղծ ձեւով։ Ծաւալուն եւ բարձր արդիւնաւէտութեամբ խորհրդակցութիւններ կատարուած են։ Երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած է հինգ փաստաթուղթ։ Էրտողան յայտնեց, որ Նազարպայեւի հետ ծաւալուած քննարկումներու օրակարգի առանցքային նիւթը եղած է ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը։ «Լիարժէք ձեւով ներկայացուցինք, թէ այս կազմակերպութիւնը որքան մեծ վտանգ մը կը ներկայացնէ թէ՛ մեր երկրին եւ թէ իր գոյատեւած բոլոր երկիրներուն տեսակէտէ», ըսաւ Էրտողան։

Իր կարգին, Նուրսուլթան Նազարպայեւն ալ նշեց, թէ Թուրքիա Ղազախիստանի ամենամերձակայ, վստահելի ու ռազմավարական գործընկերներէն մին է։  

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018