ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան նախատեսուած է նաեւ իր տեսակցութիւնը Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հասաւ Փարիզ եւ առաջին առթիւ այցելեց Ֆրանսայի մայրաքաղաքի «Երեւան» պարտէզը։ Ան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Կոմիտաս Վարդապետի արձանին առջեւ։

Աւելի վերջ, Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսահայ համայնքի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ համախմբուեցաւ ընթրիքի ընթացքին։ Վարչապետին ի պատիւ ճաշասեղան մը կազմակերպուած էր «Փեթրոսեան» նշանաւոր ճաշարանին մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Վարչապետի կողքին էին Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, ինչպէս նաեւ Մարսէյլի եւ Լիոնի աւագ հիւպատոսները։ Ֆրանսահայ քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, համայնքային վարիչներ, գործարարներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ այլ յայտնի դէմքեր հետաքրքրութեամբ լսեցին Նիկոլ Փաշինեանի խորհրդածութիւնները։

Միւս կողմէ, Փարիզի մէջ, երէկ երեկոյեան, Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսահայ յայտնի ֆութպոլէօռ Եուրի Ճորքայեւը պարգեւատրեց Երախտագիտութեան մետայլով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018