ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏԱՂԱՒԱՐԸ
Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, տէր Յիսուս յորժամ երեւիս փառօք Հօր ընդ ամպս լուսաւորս։
Յայնժամ մեք մի ամաչեսցուք յուսացեալքս ի Քեզ, այլ զօրութեամբ Քով մեծաւ բերկրեսցուք ընդ աջմէ Քումմէ, որպէս զորդիս լուսոյ եւ որդիս տուընջեան։
Ժամագիրք
Սեպտեմբեր ամիսը մեզի թէ՛ աշունը, թէ՛ վերամուտը եւ թէ տարուան վերջին տաղաւարը՝ Խաչի Վերացման տօն կը յիշեցնէ։
Ինչպէս բոլոր տաղաւար տօները, այնպէս ալ Խաչվերացը մեծ ցնծութեամբ կը տօնուի մեր եկեղեցիներէն ներս։
Խաչի վերացման պատմական տօնախմբութեամբ կ՚ապրինք ու կը բաժնենք այն հոգեւոր ուրախութիւնը, զոր Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալի օրով քրիստոնեաներ ապրեցան։
Այդ օրերուն քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքներու պատճառով ո՛չ դիւրութեամբ կարելի էր Խաչեցեալին մասին խօսիլ եւ ոչ ալ Քրիստոսի խաչուած բուն խաչը ունենալ։ Ուրեմն Քրիստոսի խաչելութեան խորհուրդը որպէս հաւատացելոց նշան՝ նախ խաչի նմանը բարձրացուցին իբրեւ պատուի եւ պաշտամունքի առարկայ։ Եւ երբ Խաչի գիւտը տեղի ունեցաւ 327 թուին, այլեւս քրիստոնեաներ Քրիստոսի իսկական խաչի առջեւ երկրպագելու եւ պաշտելու հոգեւոր երջանկութիւնն ու առիթը ունեցան։
Այս երկու դէպքերով կը տեսնենք, որ խաչը առաջին մէկ օրէն հաւատացեալներու ուշադրութեան ու պաշտամունքի առարկայ դարձած էր, նաեւ անոր խորհրդաւոր զօրութիւնը, հակառակ անոր որ մինչեւ այդ ժամանակ խաչը մահապատիժի գործիք մըն էր։
Երբ խաչը կը դիտենք, կը լսենք Յիսուսի կանչը։ Այս կանչը միշտ կը կրկնուի Քրիստոսի եկեղեցիին պատերը զարդարած խաչերէն, եւ բոլոր եկեղեցականներու բերնէն երգուած շարական ու հոգեւոր երգերէն. նոյն պատճառով է, որ միշտ կը խաչակնքենք։
Քրիստոսի աշակերտներ ու հետեւորդներ դեռ Յիսուսի վարդապետութեան օրերէն սկսեալ Իր բերնէն կ՚իմանային խաչելութեան մասին, թէեւ բոլորովին չէին հասկցած, բայց եւ այնպէս, Յիսուս իրենց ըսած էր, թէ պէտք էր, որ խաչուէր, այդ իսկ պատճառով մեր մէջ եկած էր։
«Երբ Յիսուս լմնցուց այս բոլոր խօսքերը՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «“Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու”» (Մատթ 26-1)։
Յարութեան օր երբ կիներ գերեզմանի մէջ Յիսուսի մարմինը չգտնելով զարմանքի մատնուած էին, հրեշտակներ նոյն բանը կ՚ըսէին իրենց։
«Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք. հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր. «“Որդին մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ”» (Ղուկ 24-7)։
Նաեւ Յիսուս կ՚աւելցնէր ըսելով՝
«Ան որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ» (Մատթ 10-38)։
«Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ՚ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» (Մատթ 16-24)։
Յիսուս այսպէսով ոչ միայն իր խաչելութեան մասին կը խօսէր, այլ նաեւ կը խօսէր խաչի կարեւորութեան ու անոր ետին թաքնուած իտէալի մը մասին. աշակերտներ ու հետեւորդներ եւս նոյն օրինակին պէտք էր հետեւէին։
Այո՛, առաքեալներու ու աշակերտներու մեծամասնութիւնը իրապէս խաչի մահուամբ եւ չարաչար տանջանքներով վկայեցին Քրիստոսի, բայց նաեւ Յիսուսի խաչի օրինակով տուած մեծ պատգամին հետեւեցան, որ էր սիրել զիրար, ոչ միայն զիրար, նաեւ բոլոր մարդկութիւնը։ Համբերել դժուարութեան դիմաց եւ յաղթութիւն չորոնել թշնամութեան միջոցներով կամ թշնամութեան դէմ նոյնը փոխարինելով, այլ խաղաղութիւնը ու համերաշխութիւնը փնտռեցին միշտ Տիրոջ պատուիրաններուն մէջ։
Պատահական չէր, որ Յիսուս կ՚ըսէր՝ երբ մէկը ապտակ մը զարնէ, միւս երեսդ դարձուր։ Իսկ այսօր որքան կը տարբերի աշխարհի եւ Տիրոջ մտայնութիւնը։
Յիսուսի օրերուն եւս եղան մարդիկ, ինչպէս այսօր կան, չընդունեցին այս իտէալները ու կը մերժեն զանոնք, նոյնպէս սկսան Յիսուսէ հեռանալ։ Յիսուս տեսնելով այս իրադարձութիւնը, աշակերտներուն հարցուց. միթէ իրենք ալ կ՚ուզէի՞ն հեռանալ։ Իսկ Պետրոս առաքեալ համարձակութեամբ պատասխանեց․
«Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս» (Յով 6-69)։
Այո՛, սիրելի ընթերցող, մենք պէտք չէ միայն դիտենք Քրիստոսի խաչելութեան աստուածային վեհ օրինակը, այլ նաեւ պէտք է ականջ տանք Քրիստոսի կեանքի խօսքերուն։
Ամէն մէկ քրիստոնեայ ըլլա՛յ աշխարհական կամ ըլլայ հոգեւորական, նոյն կանչը ունի։
Յիսուս իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն զարմանքը շատ լաւ կը հասկնար եւ գիտէր, թէ ժամանակի կը կարօտէր, մէկ օրէն միւսը կարելի չէր անոնց Իրեն հետեւիլը։
«Պիտի գար ժամանակը եւ երբ Իր խնդրանքով Աստուած պիտի ղրկէր Սուրբ Հոգին, այն ատեն պիտի զօրանային ու Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը Իր վկաները պիտի դառնային» (Գործ 1-8)։
Մենք՝ Քրիստոսի անուան մկրտուածներ, բոլորս Ս․ Հոգւոյ ներգործութեան տակ ապրելու կանչուած ենք։
Ուրեմն Յիսուս երբեք իրմէ հեռացողները, տատամսողները, թերահաւատութեան մատնուողները, նոյնիսկ ուրացողները եւ մեղաւորները չմեղադրեց ու դաւաճան չորակեց։
Ինչպէս Յիսուս իրեն դէմ մեղանչողներուն համար միշտ աղօթեց Հայր Աստուծոյ, որպէսզի ներէ զանոնք, նոյնպէս մենք ալ պէտք է սիրենք զիրար եւ Քրիստոսի ու Անոր խաչին փարելու ենք, գիտնալով որ Աստուած մեզ շատ կը սիրէ։
Յիսուս իբրեւ բարի հովիւ պահեց իրեն յանձնուած ու իրեն ապաւինած բոլոր ոչխարները։
«Երբ ես աշխարհի մէջ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք քու անունովդ։ Անոնք որ դուն ինծի տուիր, ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին, որպէսզի գրուածը կատարուի» (Յով 17-12)։
«Յիսուս գիտէր բոլոր անոնք, որոնք պիտի պատահէին, եւ երբեք անակնկալ չէր Իրեն համար։ Այնուամենայնիւ իր հօրը ըսաւ․ “Եթէ կարելի է հեռացուր այս բաժակը ինձմէ բայց ոչ թէ իմ այլ քու կամքդ ըլլայ”» (Մատթ 26-39)։
Յիսուս իր ունեցած աստուածային զօրութիւնը երբեք իբրեւ շահ չգործածեց, այլ Իր Հօրը կամքը կատարեց ի շահ մարդկանց։
Ամէն անգամ երբ խաչի առջեւ կը կենանք, այս բաները յիշելով՝ յուսահատութիւնը մեր վրայէն թօթափելու ենք ու համբերութեամբ Խաչի փրկութեան ապաւինելու ենք։
Ինչպէս վերեւ Ժամագիրքի խօսքերուն մէջ կ՚ըսէ. «Պէտք է վստահ գիտնաք որ օր մը Քրիստոս իր նշանով եւ մեծ փառքով պիտի երեւի երկինքի վրայ ու անոր ապաւինողներ երբեք ամօթով պիտի չմնան․ եւ իբրեւ լոյսի եւ ցերեկի որդիներ մշտապէս մեծ բերկրանք պիտի վայելեն Աստուծոյ քով»։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ