ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շաբաթավերջին այցելեց Յունական Կիպրոս։ Նիկոսիոյ մէջ պետական քարտուղարը ընդունուեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիսի կողմէ, որու կողքին էր Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Խրիստոտուլիտես։ Փոմփէոյի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ արեւելեան Միջերկրականի լարուածութեան շրջանին։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը Նիկոսիոյ մէջ յայտարարեց, որ տարածքաշրջանի երկիրները անվտանգութեան, ուժանիւթի ակերու եւ ծովերու վերաբերեալ նիւթերը պէտք է կարգաւորեն դիւանագիտական միջոցով ու խաղաղ ճանապարհով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Անասթասիատիսի հետ հանդիպելէ վերջ Փոմփէօ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Իր խօսքով՝ տարածքաշրջանի լարուածութիւնները չեն կրնար լուծում մը ապահովել արեւելեան Միջերկրականի առկայ խնդիրներուն։ «ԱՄՆ խորապէս մտահոգուած է Թուրքիոյ կողմէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ ծաւալուած գործունէութիւններէն», ըսաւ Փոմփէօ եւ աւելցուց, որ Յունական Կիպրոսը իրաւունք ունի իր սահմաններու հիտրոքարպոնի միջոցներէն օգտագործուելու։

Մայք Փոմփէօ կղզի այցելելու ժամանակ յիշեցուց, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ տարածքաշրջանի լարուածութեան կապակցութեամբ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Ըստ Փոմփէոյի, անվտանգութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը տարածքաշրջանէ ներս հետզհետէ աւելի կարեւոր կը դառնայ։ «Արեւելեան Միջերկրականը ունի ուժանիւթի ճանապարհով բազում երկիրներ համատեղելու եւ նոր շուկաներ ստեղծելու ընդունակութիւնը։ Ուժանիւթի միջոցները պիտի բաժնուին կիպրացի թուրքերու եւ յոյներու միջեւ», ըսաւ Փոմփէօ եւ աւելցուց, որ իրենք տեղեակ են, թէ Կիպրոսի մէջ կանգ առած բոլոր նաւերը Սուրիոյ համար մարդասիրական առաքելութիւն չեն իրականացներ։ Ուստի, ամերիկեան կողմը կ՚ակնկալէ, որ նկատի առնուին այս մտահոգութիւնները։

Նիկոսիոյ մէջ Փոմփէօ եւ Խրիստոտուլիտես ստորագրեցին նաեւ փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը զարգացնելու։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս համաձայնութեան կապակցութեամբ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Կիպրոսի մէջ պիտի ստեղծուի տարածքաշրջանային նշանակութիւնով սահմանային անվտանգութեան կրթական կեդրոն մը։ Այս վերջինը պիտի սպասարկէ ԱՄՆ-ին եւ գործընկերներուն՝ նաւահանգիստներու եւ մաքսերու անվտանգութեան շուրջ թեքնիկ աջակցութիւն ցուցաբերելու ճանապարհին։ Պիտի ստեղծուին անվտանգութեան բազում հարթակներ եւ այս ամբողջին մէջ ամերիկեան կողմը Յունական Կիպրոսին պիտի մատակարարէ սարքաւորումներ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020