ԱՄԵՆԱԹՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎԻՃԱԿ

Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու խնդիրը նոր հարթութեան մը վրայ եկած է՝ Գորիս-Կապան մայրուղիի վրայ հաստատուած անցակէտով եւ բեռնատարերու համար ստեղծուած խոչընդոտներով։ Խնդիրը արդէն երկկողմանի բնոյթ ունենալէ դադրած է, որովհետեւ Իրանի բեռնատարերը այդ խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը մնան Հայաստան մուտք գործելու ժամանակ, միջազգային բեռնափոխադրումներու ընթացքը կը խախտուի։

Գորիսի փոխ-քաղաքապետ Կարօ Քոչարեան «www.tert.am» կայքէջի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ Գորիս-Կապան ճանապարհին վրայ ոստիկանական անցակէտ տեղադրած ատրպէյճանցիները իրանցի վարորդներէն փաստաթուղթերու համար 30 տոլար, իսկ ճանապարհի համար 130 տոլար կը պահանջեն։ Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ ալ այս կացութիւնը լարուածութիւն յառաջացուցած է։ Ատըրպէյճանի Մաքսային պետական ծառայութիւնը «օրինական» որակած է յիշեալ ճանապարհին վրայ Իրանի բեռնատարերէն վճարներու գանձուիլը։ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմէն Հիքմէթ Հաճըեւի եւ Պաքուի մօտ Իրանի դեսպան Սէյիտ Ապպաս Մուսաւիի միջեւ ալ տեղի ունեցած է հանդիպում մը։

Մայիսի 12-էն ի վեր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը խախտուած է Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Թէեւ անոնց իրենց ելման դիրքերու վերադարձին ուղղութեամբ ակնկալութիւնները միշտ կը մնան օրակարգի վրայ, սակայն գործնական իրադարձութիւնները բոլորովին այլ պատկեր մը կը ցոլացնեն։ Հայաստանի ընդդիմութիւնն ալ ահազանգ կը հնչեցնէ այս բոլորին դէմ։ Խորհրդարանի «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան երեսփոխաններէն Վահէ Յակոբեան երէկ յայտարարեց, որ ամենաթողութեան եւ ամէն ինչ զիջելու պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճան սկսած է Սեւ լիճի տարածքէն ներս արդէն ձմրան պատրաստուիլ։ Ան նաեւ պոռթկումով մատնանշեց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սիւնիքի մարզի համայնքապետերը կը շարունակեն կալանաւորուած մնալ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անձնական վրէժխնդրութիւնը կը շարունակուի անոնց դէմ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Վահէ Յակոբեան պահանջեց վարչապետի հրաժարականը։

Նոյն ընդդիմադիր խմբակցութենէն Աննա Գրիգորեան յայտնեց, որ հարց ու պատասխանի ժամանակ խորհրդարանի նախագահը փաստացի ընդունեց, թէ չի տիրապետեր, թէ ինչ կը կատարուի Սիւնիքի մէջ։ Ըստ ընդդիմադիր երեսփոխանին, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատասխանած է, որ Գորիս-Կապան ճանապարհին տեղի ունեցածները իր լիազօրութիւններէն դուրս են։ Սիւնիքի մարզպետն ալ ըսած է, որ անհանգստանալու կարիք չկայ։ «Դուք ի՞նչ բանի կը ծառայէք, դուք իշխանութի՞ւն էք, թէ չէք», ըսաւ ան։

Իր կարգին, «Հայաստան» խմբաւորման պատգամաւորներէն դաշնակցական Արծուիկ Մինասեանն ալ ըսաւ, որ իշխանութիւնը կը գործէ ինքն իր մէջ պարփակուած, միայն Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան օրակարգով։

Խորհրդարանի միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան՝ «Պատիւ ունիմ»ի երեսփոխաններէն Տիգրան Աբրահամեանն ալ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Ըստ իրեն, իշխանութիւնը պիտի տապալէ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման-սահմանազատման գործընթացը։ Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի հատուածներու խնդիրները պիտի չլուծուին եւ նոր տարածքային կորուստներու վտանգ պիտի յառաջանայ Հայաստանի համար։ Աբրահամեանի կարծիքով, իշխանութիւնը Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի միջպետական ճանապարհներու տագնապներու լուծման համար յառաջ կը քշէ սահմաններու յստակեցման գործընթացի օրակարգը։ «Տակաւին մէկ կողմ դնենք, որ այդ գործընթացի սկիզբին համար Ատրպէյճան բարձր գին սահմանած է։ Այդ գործընթացը հիմնուած է նուրբ, բարդ հաշուարկներու եւ, ի հարկէ, աշխոյժ բանակցութիւններու վրայ։ Այն ինչ տեսած ենք վերջին երեք տարիներուն՝ այս իշխանութիւններու դերակատարումով, արդեօք կրնա՞յ երաշխիք տալ, թէ այդ գործընթացը մեր օգտին պիտի ըլլայ։ Միանգամայն ըսեմ՝ ոչ։ Այս իշխանութիւնը այդ գործընթացը եւս պիտի տապալէ եւ արդիւնքին ոչ միայն Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի հատուածներու խնդիրները պիտի չլուծուին, այլ նոր տարածքային կորուստներու վտանգ պիտի յառաջանայ։ Այնպէս որ, այդ իշխանութեան պաշտօնավարման պարագային նոր կորուստները անխուսափելի են։

Այս վերջին գրառումներէն առաջ, Տիգրան Աբրահամեան ահազանգային բնոյթով այլ գրառումներով ալ հանդէս եկած էր։ Ան շաբաթավերջին, տակաւին Գորիս-Կապան ճանապարհի այս վերջին գործողութիւններէն ալ առաջ յայտարարած էր, որ Քարահունջ-Որոտան տեղամասէն ներս Ատրպէյճան ոստիկանական կէտ մը հաստատած է։ Սա կու գայ լրացնել աւելի առաջ այդ հատուածէն ներս քարէ արգելապատնէշներու տեղակայումը, ինչ որ երթեւեկող ինքնաշարժներու արագութիւնը էապէս կը սահմանափակէ։ Ըստ ընդդիմադիր երեսփոխանին, Շուռնուխ-Կարմրաքար հատուածէն ներս ալ տեղակայուած են այդ պեթոնէ արգելապատնէշները ու չի բացառուիր, որ այնտեղ ալ Ատրպէյճանի ոստիկանական կէտ մը հաստատուի։

«Ատրպէյճանցիներու՝ այդ հատուածէն ներս աշխուժութիւնը կը ստիպէ մտածել, թէ կայ նախապէս գծուած բեմագիր եւ անոնք ըստ այդմ կը շարժին եւ ամենայն հաւանականութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ տեղեակ են։ Արդեօք Հայաստանի քաղաքացին երաշխիք մը ունի՞, թէ օր մը Ատրպէյճան այդ հատուածներէն ներս անձնագրային կամ այլ տեսակի դրութիւն մը չի սահմաներ։ Ի հարկէ, չունի։ Տակաւին չեմ խօսիր այն մասին, թէ Ատրպէյճան ամենատարբեր նկրտումներով կրնայ այդ ճանապարհը վերջնականապէս փակել ու լուրջ խնդիրներ ստեղծել։ Իսկ այդ բոլորը անվտանգային սպառնալիքներով չեն սահմանափակուիր։ Իշխանութիւնը այս սպառնալիքներուն կը հակադարձէ արդէն իսկ զանազան առիթներով հնչեցուցած գիծերով՝ սա Ատրպէյճանի տարածք է, ինչ կ՚ուզեն կ՚ընեն։ Իսկ թէ այդ բոլորի հետեւանքով Հայաստան ի՞նչ նոր վտանգներու դէմ յանդիման կը մնայ, իշխանութիւնը ոչ միայն չի լուծեր, այլ այդ ուղղութեամբ համարժէք քայլեր ալ չեն իրականացուիր», նշած է ան։

«Արմէնփրէս» այս առաւօտ հաղորդեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս փակ նիստ մը տեղի պիտի ունենայ Գորիս-Կապան ճանապարհին վրայ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021