ԻՎԱՆ ՔՈՐՉՈՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվան Քորչոք այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Նախարարները ապա գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնցմէ վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարները այս առթիւ տեղեկացուցին, որ քննարկած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան կ՚ընդունուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021