ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱՏԱՐԱԾ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԱՍ ՔԱՂԷ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանին ուղղեալ դրական պատգամներ կու տայ, Հայաստանէն ալ կարգ մը դրական պատգամներ կը հասնին, սակայն այս բոլորը միայն խօսք պէտք չէ մնայ։

Նախարար Չավուշօղլու վերջին օրերուն այցելեց Էսքիշեհիր, ուր քաղաքի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ տեսակցելու առընթեր, հանդիպում մըն ալ ունեցաւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։ Այս փուլին իր կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները հետզհետէ արձագանգ կը գտնեն հայկական լրահոսին վրայ։ Զրոյցի ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդհանուր արժեւորումներ կատարեց Թուրքիոյ տարածքաշրջանի դիրքորոշման շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ նաեւ Խրիմի բռնագրաւման եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն շուրջ։ «www.haberler.com» կայքէջի հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առթիւ ըսաւ. «ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի հարցին շուրջ Թուրքիա զգուշացուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, սակայն, այդ զգուշացումները նկատի չառնուեցան եւ զինամթերքի օժանդակութիւնները շարունակուեցան այնտեղի ահաբեկիչներուն համար։ Դաշտ իջանք, սկսաւ մեր գործողութիւնը, հինգ օր վերջ ԱՄՆ-ի այդ շրջանի փոխ-նախագահը, արտաքին գործոց նախարարը Թուրքիոյ մէջ էին։ Սեղանի շուրջ նստանք, խօսեցանք։ Սա միւս տարածքներու համար ալ ի զօրու է, ոչ միայն Սուրիոյ պարագային։ Լիպիոյ մէջ ալ նոյն բանը ըրինք, Միջերկրականի արեւելքին ալ։ Կովկասէ ներս, Ատրպէյճանի մէջ ալ նոյն բանը ըրինք։ Երեսուն տարուայ սպասման ընթացքին սեղանը բնաւ չբանեցաւ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռեակին եւ կամ մեր ալ մասնակցած մեծ Մինսքեան խմբակին մասին է խօսքը։ Չբանեցաւ։ Ի՞նչ եղաւ։ Կարճ ժամանակի ընթացքին 43 օրուայ ընթացքին ճան Ատրպէյճան ձեռք անցուց իր հողերը։ Հիմա դիւանագիտական հնարաւորութիւն մը կայ։ Դրական պատգամներ կու տանք։ Հայաստանէն ալ կարգ մը դրական պատգամներ կը հասնին, սակայն այդ դրական պատգամները մի միայն որպէս խօսք պէտք չէ մնան։ Եթէ Հայաստան դաս քաղէ ապրուածներէն, պէտք է հասկնայ, թէ տեղ մը պիտի չկարողանայ հասնիլ հարեւան երկիրներու տարածքները բռնագրաւելով եւ կամ հարեւաններու հողերուն աչք տնկելով։ Ատրպէյճան ծաւալուն խաղաղութեան համաձայնութեան մը բանակցութիւններուն համար առաջարկ ներկայացուցած է։ Ընտրութիւնը վերջացաւ, կառավարութիւնը կազմուեցաւ, յուսամ՝ Հայաստանն ալ դրական պատասխան մը կու տայ։ Անցեալին մենք ալ նոյն բանը ըրինք, Կիպրոսի մէջ ալ դաշտ իջնելով անհրաժեշտը ըրինք»։

Նախարար Չավուշօղլուի այս արտայայտութիւնները որոշ չափով տարբեր երանգաւորում մը ունին Հանրապետութեան  նախագահ Էրտողանի կողմէ Հայաստանի վերաբերեալ կատարուած վերջին յայտարարութիւններուն բաղդատմամբ։ Եթէ Էրտողանի խօսքերը շատ աւելի յուսադրիչ պատկեր մը կը մատնանշէին, ապա Չավուշօղլուի երէկուան արտայայտութիւնները ակնյայտօրէն սպառնախառն բնոյթ մը ունին, որովհետեւ մէջբերուած օրինակները միշտ կը յիշեցնեն Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ռազմական գործողութիւնները։ Դժուար է հասկնալ, թէ այս տարբերութիւնը ինչո՞վ պայմանաւորուած է։ Նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւններէն վերջ արդեօք Անգարա յուսախաբուա՞ծ է, հակառակ Երեւանէն հնչած դրական ոգիով յայտարարութիւններուն։ Եւ կամ, արդեօք Էրտողանի եւ Չավուշօղլուի պատկերացումներուն մէջ տարբերութիւննե՞ր կան, ինչ որ շատ նուազ հաւանական է։ Կը մնայ ուրիշ վարկած մը, որով երկու յայտարարութիւնները պէտք է ընկալուին իրարու շարունակութիւնը, զիրար փոխլրացնող ձեւով, նոյն մետայլի երկու երեսակներուն նման։

Միւս կողմէ, Երեւան երէկ հերթական անգամ տեղեկացուց, որ այս պահուն Անգարայի հետ բանակցութիւններ չեն վարուիր յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հարցման ի պատասխան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց. «Թուրքիոյ դիւանագէտներուն հետ շփումները կը սահմանափակուին միջազգային օրակարգի զանազան հարցերու շուրջ բազմակողմանի ձեւաչափով քննարկումներու մասնակցութեամբ»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021